image

Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին դատը ՄԻԵԴ-ի դատարան փոխադրուեցաւ (Լուսանկար)

Սիսի կաթողիկոսարանի  կալուածին դատը ՄԻԵԴ-ի դատարան փոխադրուեցաւ (Լուսանկար)

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ մերժուելէ ետք Սիսի պատմական աթոռի կալուածին   դատը Եւրոպական Դատարան (ՄԻԵԴ) պիտի ներկայացուի: Այս մասին քիչ առաջ յայտարարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Վեհափառը, որ «լայվսթրիմ» պատգամով մը իր խօսքը փոխանցեց, նաեւ յայտնեց, որ չորեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մամլոյ ազգային ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ասուլիս, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սիսի դատին մաս կազմող դատական մարմնի անդամները: Արամ Կաթողիկոս իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Սիրելի ժողովուրդ հայոց այս դատը սոսկ Անթիլիասի դատը չէ, այլ ողջ ժողովուրդի դատն է, եւ մենք այս գիտակցութեամբ ճամբայ ելանք եւ պիտի շարունակենք այս իրաւական ընթացքը: Մենք պէտք է շարունակենք Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը եւ ազգային բոլոր կազմակերպութիւններով ու մարմիններով իրաւական դաշտ մուտք գործենք: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք»,-   եզրափակեց Արամ Ա. Վեհափառ: