image

2 հրթիռներ ինկած են Քեսապի «Էսկիեուրան» շրջանին մէջ

2 հրթիռներ  ինկած են Քեսապի «Էսկիեուրան» շրջանին  մէջ

Այսօր  կէսօրին երկու հրթիռներ ինկած են Քեսապի  ծայրամաս համարուող  «Էսկիեուրան»  շրջանին վրայ:  Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նոյնպէս հաղորդեց, որ    հրթիռներու  պայթումին հետեւանքով զոհեր կամ նիւթական վնասներ չեն  գրանցուած:  Ըստ մեր աղբիւրին   ահաբեկիչ զինեալներու   դիրքերը կը գտնուին   «Էսկիեուրան»էն  շուրջ  15 քլմ. հեռաւորութեան  վրայ:

Հայկական  գիւղին մէջ  իրավիճակը բնականոն  հունի մէջ է: