image

Ո՞վ պիտի պարտուի Հալէպի մէջ

Ո՞վ   պիտի պարտուի Հալէպի մէջ

Այն պահուն, երբ Սուրիոյ բանակը սկսաւ   շրջան  առ շրջան   մաքրագործել  Հալէպի արեւելեան   թաղամասերը, միջազգային հանրութիւնը եւ  յատկապէս   ՆԱԹՕ-ի հովանոցին տակ  եղող տէրութիւնները սկսան խօսիլ այդ   հատուածներուն մէջ հրադադար հաստատելու    մասին: Ատկէ  զատ   ՄԱԿ-ի  պատուհանէն Սուրիոյ տագնապին    լուծման  համար ճիգ տանող պատասխանատուներ  յայտարարեցին, որ  Հալէպի       մէջ  Սուրիոյ բանակին  յաղթանակը  վերջ պիտի չտայ   սուրիական պատերազմին: Ու մինչ Մոսկուա   տարբեր   առիթներով կը պահանջէր  զինեալներուն  հեռանալ կամ յանձնուիլ  արեւմտեան  երկիրներ, այս անգամ   Հալէպի  «մարդկային  իրավիճակ»ը   վահան  դարձնելով  կ'առաջարկէին   խնդիրը  դարձեալ տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ամպիոն ու հոն   ներկայացնել   ժամանակաւոր հրադադարի առաջարկ մը:  Այս զարգացումներուն լոյսին տակ ԱՄՆ   փորձելով   «կակուղ» միջամտութիւն մը կատարել   եւ առաջին անգամ ըլլալով զինեալներէն  կը պահանջէր արագօրէն  լքել իրենց դիրքերը եւ հեռանալ, դէպի ... Իտլիպ: Արեւմուտքին համար «չափաւորական»   համարուող զինեալները կը մերժէին առաջարկը եւ կը յայտնէին, որ պիտի կռուին մինչեւ  վերջ:

Այս  բոլորէն անդին    սուրիական բանակը   գետնի վրայ կը շարունակէ  առաջ  երթալ ու  ըստ   պատերազմական    լրագրողներու    Սուրիոյ բանակին համար  ամբողջ  Հալէպին տիրապետելու հարցը    օրերու հարց է:  Շատ հաւանական է , որ այսօր   ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը քննէ    հրադադար      կայացնելու  առաջարկ մը, որուն դիմաց ապահովաբար  պիտի հանդիպի  ռուսական   «Վէթո»ին,  յատկապէս, որ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ  Լավրով կը յայտարարէ, որ Հալէպի  մէջ  իրենց  զէնքերը վար չդնող     ռատիքալիստները  ահաբեկիչներ են եւ անոնց հետ «մենք  պիտի վարուինք համապատասխան կերպով»: Հալէպի մէջ ընթացող  ռազմական   գործողութիւնները միայն զինուորական   խորք չունին, այլ  ապահովաբար սկիզբ կը դնեն նոր     քաղաքական   համայնապատկերի մը, որուն հիմնական  ուրուագիծը  կը  խօսի   միաբեւեռ աշխարհի   մը աւարտին մասին: