image

«Հայ Տուն»-ը փրկութիւն եղաւ շատ մը սուրիահայերու համար. Յարութ Ներսէսեան

«Հայ Տուն»-ը փրկութիւն եղաւ շատ մը սուրիահայերու համար. Յարութ  Ներսէսեան

«Այն սուրիահայերը, որոնք կ′ուզեն Հայաստան գալ, կը դիմեն Հալէպ գտնուող վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին, եւ մենք անոնց ճամբու ծախսը կը հոգանք»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան: «Սուրիական պատերազմի սկիզբէն մենք յատուկ ֆոնտեր ունինք, որոնք գումարներ կը հաւաքեն, ի մասնաւորի Ամերիկայէն եւ այդ գումարները կը տրամադրենք սուրիահայութեան»,-ըսաւ Ներսէսեան՝ աւելցնելով, որ սկզբնական շրջանին անոնց անհրաժեշտ իրեր տրամադրուած են, սակայն այսօր տան վարձքի կողքին հիմնական կարիք դարձած է բժշկական հոգատարութիւնը: «Այս առնչութեամբ կը համագործակցինք «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ին հետ, որոնք դիմումներ կը ներկայացնեն մեզի: Բոլորին կ′ընդառաջենք: «Հալէպ» կազմակերպութիւնն ալ դիմումներ ղրկած է. ինչպէս նաեւ եղած են մարդիկ, որոնք ուղղակի եկած են մեր մօտ»,-յայտնեց Ներսէսեան՝ շեշտելով, որ, հակառակ անոր, իրենք կը նախընտրեն դիմումները ստանալ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»ին միջոցաւ, աշխատանքը հետապնդելու  եւ օժանդակութիւնը կրկնակիօրէն նոյն անձին չտրամադրելու համար:

Ներսէսեան յայտնեց, թէ ներկայիս աշխատանքները ծանրացած են «Syria life line» ծրագրին վրայ, որ գրեթէ տարի մը կը գործէ: «Այն սուրիահայերը, որոնք կ′ուզեն Հայաստան գալ, կը դիմեն Հալէպ գտնուող վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին, եւ մենք անոնց ճամբու ծախսը կը հոգանք: Օդակայանէն կը դիմաւորենք զիրենք, եթէ մնալու տեղ պէտք ունենան, կ′ապահովենք, սակայն մեծամասնութիւնը հարազատներ ունին: Ժամանողներուն նախնական օգնութիւն կը ցուցաբերենք, ինչպէս նաեւ կ′օգնենք խորհրդատուութեամբ, վարձակալութեան բնակարան ձեռք բերելու, կառավարական փաստաթուղթերու գործընթացներուն, կ′ուղղենք անոնց այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կրնան իրենց օգնել»,- ըսաւ ան՝ կարեւորելով սուրիահայերուն ներկայ պահին Հայաստան մնալը: Ան յայտնեց, թէ 100 դիմորդներէն մօտաւորապէս 70-75-ը արդէն հասած են հայրենիք:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար մեծ արշաւ սկսած  ՍԱՐՖ-ի մասին խօսելով, Ներսէսեան դիտել տուաւ, թէ ԱՀԱԸ-ի ներկայ տնօրէն՝ պրն. Զաւէն Խանճեան ՍԱՐՖ-ը  (Syrian Armenian Reilef Foundation) հիմնած է, նախքան տնօրէն նշանակուիլը: «Պարոն Խանճեան Հալէպէն է, եւ սիրտը Հալէպի մէջ է: Ան շատ մտահոգ է այդ հարցերով, ինչպէս բոլորս: Եւ քանի որ հոն հասակ առած է, ահաւոր ցաւ կը զգայ, երբ կը տեսնէ իր երկրի քանդումը»,-ըսաւ ան, մեկնաբանելով, որ ՍԱՐՖ-ը ուղղակիօրէն Հայաստանի գրասենեակին հետ չ′առնչուիր: ՍԱՐՖ-ը եւ Ամերիկայի Աւետարանչական գրասենեակը իրար հետ կը համագործակցին:

Աւետարանչական Ընկերակցութեան մտահոգութիւնը կիսելով «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն հետ, ան ըսաւ. «Հայաստանի մէջ սուրիահայերու բնակարանային հարցը շատ մտահոգիչ է: Այս կապակցութեամբ, ՄԱԿ ՓԳՀ-ի՝   շաբաթներ առաջ գումարած ժողովէն ետք, առանձին հանդիպում ունեցանք «Armenian redwood project»-ի նախագահ՝ Ռաֆֆի Արտհալճեանին, ՄԱԿ ՓԳՀ-ի տնօրէնին եւ անոնց օգնականներուն հետ: Արտհալճեան շինիչ միտքեր ունի, մեր ընկերակցութիւնն ալ պատրաստ է գտնել խելամիտ բնակարանի լուծման ծրագիր եւ աշխոյժ մասնկացութիւնը բերել լուրջ գումարներով»:

Անոր կարծիքով, Հայաստան ապաստանած սուրիահայերը երեք հիմնական խաւերէ կը բաղկանան, եւ ըստ այդ բաժանման, նախատեսուած է բնակարանային հարցի լուծումը: «Ամենակարիքաւորները, որոնք վճարունակ չեն, չունին կամ շատ քիչ եկամուտ ունին, իրենց պիտի տրուին ընկերային բնակարաններ (social housing), անոնք պարզապէս պիտի ապրին այդ տուներուն մէջ, առանց սեփականացնելու: Երկրորդը՝ միջին խաւն է, որ ինքնաբաւ եկամուտ ունի: Ասոնց կ′ուզենք օգնել վարկային դրութեամբ բնակարանի ձեռքբերման, որուն կանխավճարը մենք պիտի ապահովենք, սակայն ամսական վճարումները իրենք պիտի կատարեն: Մենք նաեւ դրամատուներուն հետ պիտի համաձայնինք, որ նուազգոյն տոկոսով եւ համեստ վճարումներով ըլլան այդ վարկերը: Իսկ երրորդը՝ բարձր միջին խաւին կը պատկանին, որոնք որոշ չափով բաւարարուած մարդիկ են, եւ անոնք նիւթական օգնութեան կարիքը չունին: Զանոնք պիտի ուղղենք ճիշդ ձեւերով վարկեր ձեռքբերելու, իրենց բնակարանները գնելու»,- ըսաւ Ներսէսեան, բացայայտելով, թէ ասոնք Արտհալճեանի հետ քննարկուած հում ծրագիրներ են, որոնք ուսումնասիրութեան կը կարօտին եւ ունին իրենց բարդութիւններն ու խնդիրները:

Անդրադառնալով այս ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան դերակատարութեան, ան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը փորձած էր «Հալէպ» բնակելի թաղամասի ծրագիրը իրականացնել, սակայն ակնկալուած օժանդակութիւնն ու քաջալերանքը չէ գտած: Այս մասին մեկնաբանելով՝ ան ըսաւ. «Եթէ իւրաքանչիւր ընտանիքի բնակարան պիտի տրամադրուի, նոյնիսկ Երեւանի ծայրամասերուն մէջ, իւրաքանչիւր բնակարան նուազագոյնը 25-30 հազար տոլար արժողութիւն ունի եւ այդ մէկը հսկայ գումարներու կը յանգեցնէ, որուն համար պետութիւնը կարողութիւն չունի: Դժուար է այնքան մեծ գումար հաւաքելը, մանաւանդ, երբ տեղացի հայն ալ ունի նոյն խնդիրները: Երկրաշարժէն 25 տարի անց, Գիւմրիի մէջ դեռ կան ընտանիքներ, որոնք տոմիկներու մէջ կը բնակին»: Ներսէսեան այս ուղղութեամբ գնահատելով Սփիւռքի նախարարութեան տարած աշխատանքները, նշեց, որ ան սուրիահայերու բոլոր պէտքերը չի կրնար հոգալ, բայց կը համախմբէ հայերը եւ ճիգ կը թափէ լաւագոյնը կատարելու:

Սուրիահայութիւնը հայրենի հողին կառչած պահելու միտումով, Ընկերակցութեան ներկայացուցիչը իր մտադրութիւնը յայտնեց՝ գործակցելու «Ազգային-ընկերային բնակարանային հիմնադրամ»-ին հետ, որուն տնօրէնին՝ Արա Նազինեանին գլխաւորութեամբ, երկար տարիներէ փախստականներու բնակարանային հարցերով կը զբաղի: «Անոնք 2 սուրիահայ ընտանիքներ տեղափոխած են Դիլիջան: Հիմա քննարկման մէջ ենք:Յատուկ բնակարանային վարկային ծրագրի մը  մասին կը մտածենք: Եթէ սուրիահայը բնակարան ունենայ, քիչ մը աւելի կապուած կ′ըլլայ Հայաստանին: Թէպէտ երաշխիք չկայ, բայց եթէ կարենայ տուն մը ձեռքբերել եւ որոշ եկամուտ ունենալ, ան կը մտածէ մնալ Հայաստան, նկատի ունենալով, որ արեւմուտքի դժուարութիւններն ալ քիչ չեն»:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան այլընտրանքային գաղթավայրերու պայմաններուն, ի մասնաւորի Գանատայի, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը շեշտեց, որ ինք գանատահայ ըլլալով, մօտէն կը ճանչնայ հոն գտնուող Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցին, որ սուրիահայերու օժանդակութեան շատ մեծ ծրագրեր ունի: «Հերթական դրութեամբ՝ ամիսը 2 անգամ անոնց սննթամթերք կը բաժնուի: Նորեկներուն տուն կը գտնեն: Շատ աշխոյժ կը ծառայեն: Սուրիահայերուն մեծ մասը աշխատանք ճարած է, բայց ընդհանրապէս բանուորական աշխատանքներ են, թէկուզ վկայեալներ ըլլան, որովհետեւ վկայականներու փոխ-ճանաչման գործողութիւնները դիւրին չեն, առանց մոռնալու նաեւ լեզուի հարցը, որովհետեւ անոնցմէ ոչ բոլորը անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներուն կը տիրապետեն», բացատրեց Ներսէսեան՝ աւելցնելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը որոշած է ընդունիլ 300 հազար սուրիացի փախստական, եւ ոչ միայն հայ: Եթէ սուրիահայեր կան, որոնք այդ չափանիշներուն կը համապատասխանեն՝ կ′երթան: «Թէպէտ ստոյգ տեղեկութիւն չունիմ, բայց «Հայ Տուն»-ի միջոցաւ երթը պիտի շարունակուի: Գանատան դրական տրամադրուած է սուրիահայեր ընդունելու», ըսաւ ան:

Վերջերս, սուրիահայերու Գանատա տեղափոխման համար հսկայական աշխատանք տարած է «Հայ Տուն» միութիւնը: Ներսէսեան գնահատելով անոնց նախաձեռնութիւնը՝ ըսաւ. «Ես ուղղակիօրէն անոնց չեմ հանդիպած, սակայն Թորոնթոյի մէջ կան մարդիկ, որոնց հետ շփուած եմ: «Հայ Տուն»-ը իր լաւագոյնը կ′ընէ, սակայն ունի ծրագրով տեղափոխուած սուրիահայ ընտանիքի երաշխաւորին սահմաններուն յստակ չըլլալու դժուարութիւնը», նշեց ան, ընդգծելով, որ սակայն «Հայ Տուն»-ը փրկութիւն եղաւ շատ մը սուրիահայերու համար, մանաւանդ անոնց, որոնք երթալու տեղ չունէին: «Հայ Տուն»-ը չի կրնար այսքան մեծ թիւով սուրիահայերու տան վարձք ապահովել, ոչ ալ կրնանք այդ մէկը  ակնկալել: Իրենց հնարաւորութիւններով լաւագոյնը ըրին: Կը գնահատեմ իրենց նախաձեռնութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ մնացած սուրիահայերուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն, Ներսէսեան յայտնեց, թէ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ամերիկայի գրասենեակը ամսական դրութեամբ գումարներ կ′ուղարկէ Հալէպ, ուր նիւթական, բժշկական եւ սնունդի վերաբերեալ օժանդակութիւններ կը մատուցուին հոն մնացած հայորդիներուն: ինչպէս նաեւ «Բեթէլ» դպրոցի ծախսերը ամբողջովին կը հոգան: մինչեւ օրս, մօտ երկու Միլիոն ԱՄՆ տոլար ուղղարկուած է Սուրիա:

«Որեւէ պատերազմ վերջ ունի, ուշ կամ կանուխ: Հարցը այն է, թէ ե՞րբ կը վերջանայ եւ ի՞նչ տեսքով: Հալէպ շատ աւելի վատ իրավիճակ ապրեցաւ, քան ինչ  որ կ'ենթադրէին  շատեր: Այս քաոսին մէջ, հայկական թաղամասերը տակաւին այնքան չեն աւերուած, որքան Հալէպի միւս թաղամասերը: Ճիշդ է, կորուստներ ունեցանք, մեր դպրոցին (դպրոցներուն) վրայ ռումբեր ինկան, եկեղեցիներ քանդուեցան կամ վնասուեցան, բայց յարաբերական իմաստով լաւ է: Կը յուսանք, որ այդպէս ալ կը մնայ», ըսաւ «Արեւելք»ի զրուցակիցը, յայտնելով, որ շատ դժուար է կանխատեսել ի՛նչ պիտի ըլլայ, ան աւելցուց, «բայց մեր յոյսը չենք կորսնցներ: Կ′աղօթենք: Ես կը հաւատամ, որ Աստուած կը լսէ աղօթքները: Լիբանանի 15 տարի տեւած պատերազմէն մէկ տարի ապրած եմ, բայց Հալէպ 5 տարուան ընթացքին շատ աւելի ծանր կորուստներ ունեցաւ, քան Լիբանանը: Սուրիոյ մէջ, արտաքին միջազգային շատ մեծ ուժեր կը խաղան: Յուսանք մեծ պետութիւններու խիղճերը քիչ մը կը շարժին եւ կը ջանան իրենց անձնական շահերը մէկդի դնել եւ լուծել հարցը», ըսաւ ան:

Ներսէսեան խօսքը մասնաւորելով Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններուն, նշեց, որ անոնք բոլորը ունին իրենց շինիչ ծրագիրները, սակայն անջատաբար կ′աշխատին: «ՄԱԿ ՓԳՀ-ն կը փորձէ այս բոլորը համախմբել: Եթէ համագործակցին բոլորը, շատ աւելի արդիւնքի կը հասնին: Եղածը ոչինչէն շատ աւելի լաւ է, սակայն կատարելութենէն՝ ցած: Իմ ցանկութիւնն է, որ այդ համագործակցութիւնը ըլլայ եւ Աւետարանչականը պատրաստ է համագործակցիլ որեւէ կազմակերպութեան հետ, որ լաւ ծրագրեր ունի», պարզեց ան:

Այնուհետեւ մէջբերելով միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան արդիւնքները Մարտունի գիւղին մէջ, Ներսէսեան դիտել տուաւ, որ «Ցեասպանութենէն հոն հասած հայորդիներու ժառանգները համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ′ապրին: 2 տարիէ ի վեր գիւղը նկատելի յառաջխաղացք արձանագրած է կրթական, բժշկական եւ բարոյական ոլորտներուն մէջ»:

«Արեւելք»-ին հետ զրոյցի աւարտին, Նեսէսեան ցաւ յայտնելով պատահածին համար՝ շեշտեց, որ ամենամեծ ցաւը հայութեան եւ արեւմտահայերէնի կեդրոն դարձած Միջին Արեւելքի կամաց-կամաց կործանումն է: «Այժմ կայ միայն Պէյրութը: Թող Աստուած Պէյրութն ալ պահէ, որովհետեւ մեր մշակոյթի եւ լեզուի կեդրոնն է: Հալէպն ալ այդպէս էր, սակայն հիմա համարեայ կորսնցուցած ենք: Կը յուսամ, որ լրիւ չենք կորսնցներ, պատերազմը կ′աւարտի եւ մեր համայնքը այնտեղ կը կարողանանք վերականգնել: Վստահ եմ շատերը պիտի վերադառնան», եզրափակեց Ներսէսեան: