image

Մոսկուահայութեան օգնութիւնը սուրիահայերուն. 100 թոն ալիւր հասած է Քեսապ (Լուսանկարներ)

Մոսկուահայութեան օգնութիւնը սուրիահայերուն. 100 թոն ալիւր  հասած է Քեսապ (Լուսանկարներ)

Քեսապ-(«Արեւելք») Պատերազմի հետեւանքով դժուարին պայմաններու մէջ յայտնուած սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով խումբ մը ձեռներէց մոսկուահայեր հանգանակութիւն կատարած են: Անհատական ճիգերով սկիզբ առած հանգանակութեան արդիւնքով անոնք 100 թոն ալիւր գնելէ ետք, ռուսական կողմին համաձայնութեամբ,  պարէնը հասցուցած են Սուրիա: Սուրիոյ նաւահանգիստներէն մէկը (նաւահանգիստին անունը ապահովական պատճառներով «Արեւելք» չի հրապարակեր-խմբ.) հասած ալիւրի բեռը փոխադրուած է Քեսապ եւ յանձնուած պատկան մարմիններուն: «Արեւելք»ի՝     Սուրիոյ աղբիւրին փոխանցմամբ,  մոսկուահայերուն կողմէ իրականացուած սոյն նախաձեռնութեան գլխաւոր համակարգողը եղած է մոսկուաբնակ՝ Արման Չուկուրեան, իսկ Սուրիոյ մէջ ուղեբեռի ստանձնման աշխատանքներուն հսկած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրանիկ Վրդ. Այվազեան:

Կը փոխանցուի   նաեւ, որ    ուղեբեռին առաջին կէսը ( 50 թոն)   պիտի բաժնուի Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի մէջ, իսկ մնացեալ    50  թոնը  քիչ  առաջ հասած է Հալէպ:

Մեր աղբիւրը նաեւ պարզած է, որ ուղեբեռի փոխադրութիւնը սիրայօժար կերպով կատարած է Ռուսաստանի բանակը, որ աշխատանքը կատարած է՝   մեր հայրենակիցիներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու պատրաստակամութեամբ:

Մեր աղբիւրը կը նշէ, որ մոսկուահայերու այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է իր տեսակին մէջ, ըստ «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններուն, շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային եւս նման նախաձեռնութիւններ կրկնուին: