image
Հրատապ լուրեր:

Հոս մեր հայրենիքը չէ. Պէյրութ հասած հայուհին կը խնդրէ Հայաստան ապաստանիլ

Հոս մեր հայրենիքը չէ. Պէյրութ հասած հայուհին կը խնդրէ Հայաստան ապաստանիլ

«Հոս մենք թափառական ենք, եւ Լիբանանը մեր հայրենիքը չէ»,«Արեւելք»ին ըսաւ հալէպահայ Նորմա Պարսումեան-Պապայեան: Հալէպի մէջ իրավիճակի թէժացման հետեւանքով Պէյրութ ապաստանած հայուհին,   պատմելով, իրենց ապրած ոդիսականին մասին ըսաւ. «Մենք մեր աչքերով տեսանք, թէ «Զուրաթնոց» եկեղեցւոյ մօտ եղող խանութին վրայ ինկած կազի տակառին պատճառով ինչպէս չորս հայորդիներ այրուեցան: Այդ ահ ու սարսափի տեսարանը մինչեւ հիմա աչքերուս առջեւ է: Բան մը ալ չկրցանք ընել՝ փրկելու համար զիրենք,  իսկ պայթումի ցնցումէն մեր ապրած շէնքը «երկրաշարժի» ենթարկուեցաւ: Զաւակներս սկսան լալ, իսկ աղջիկս կ'ըսէր՝ «մամա պիտի մեռնինք»... Այս բոլորը պատմած պահուն Նորմայի ձայնը կը խեղդուէր: Ան, շարունակելով ըսաւ. «Այդ դէպքէն ետք մենք որոշեցինք Հալէպէն հեռանալ: Հինգ տարուան պատերազմէն յետոյ ամուսնոյս անգործ ըլլալուն պատճառով յայտնուած էինք նիւթական շատ դժուար կացութեան մը մէջ: Ատոր համար ալ ստիպուեցանք մեր տան իրերը ծախել եւ դէպի Պէյրութ հանրակառքի տոմսեր գնել»:

Նորմա Պապայեան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց համար նպատակ եղած է Հայաստան հաստատուիլը, բայց այսօր ալ կը գտնուին նիւթական շատ ծանր պայմաններու տակ ու իրենց համար անհնար է օդանաւային տոմսերու վճար ճարել: Ան, պատմելով պէյրութեան  իրենց պայմաններուն մասին,  ըսաւ. «Պէյրութ գալէն ետք մէկ ամիսով մեր ազգականներուն տունը մնացինք ու ամիս մը անց մեզի հասկցուցին, որ հնարաւոր չէ, ալ իրենց հետ ապրիլ»:

Ըստ Նորմային Պէյրութի մէջ պայմանները շատ դժուար են ու անոնք այսօր կ'ապրին շատ ծանր վիճակի մը մէջ: «Ապրուստի խնդիր ունինք եւ ամուսնոյս աշխատածով անհնար է ապրիլ» հաստատեց հալէպահայ տիկինը: Մեր միակ երազը Հայաստան գալն է եւ ձեր կայքին միջոցաւ կը դիմենք մեր հայրենակիցներու օգնութեան»:

Հոս մենք թափառական դարձանք ու վստահ եմ, որ Հայաստան գալու պարագային, մեզի ոչ ոք տունէն պիտի վտարէ: Մենք հիմա սֆինճի (սպունգներու) վրայ կը քնանանք,   եւ մեր միակ երազը Հայաստան հասնիլն է: Ճիշդ է՝ մեզի ուտելիք պաշար տուին որպէսզի այս դժուար անցընենք, բայց այս վիճակը վերջ մը չունի: Իմ ամուսինս, եթէ իր հոս ըրած աշխատանքը Երեւան ընէ, վստահ եմ, որ հոսկէ լաւ պիտի ըլլանք. Հոս մենք թափառական ենք եւ Լիբանանը մեր հայրենիքը չէ»,-եզրափակեց Նորմա Պարսումեան Պապայեան:

 

Նշենք, որ մեր խօսակիցի նշած եւ «Զուարթնոց» մօտ եղած հրթիռարձակման հետեւանքով, անցնող 2 յունիսին զոհուած էին 4 հայորդիներ:

 

Յ.Գ. Հալէպահայ  Նորման, Յովհաննէսը եւ անոնց զաւակները՝  Լեւոնն ու Ռիթան կը սպասեն  արձագանքի՝ Հայաստանէն