image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին փառաւորապէս նշեց իր հիմնադրութեան 170-րդ ամեակը

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին փառաւորապէս նշեց իր հիմնադրութեան 170-րդ ամեակը

Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 170 ամեակը: Այս առիթով աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներէն Երեւան ժամանած էին Հայ Աւետարանական համայնքի վերապատուելիներ, պատուելիներ եւ կրօնական ու աշխարհական գործիչներ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Արամ Խաչատրեան»  համերգասրահէն ներս: Ըստ «Արեւելք»ի թղթակիցին, այսօրուան հանդիսութեան բացման խօսքը կատարած է Վերապատուելի Գէորգ Գասպարեան, որ նոյնպէս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահն է:



 

Հանդիսութեան ամբողջ տեւողութեան ելոյթ ունեցած են «Հովեր» պետական քամերային երգչախումբը եւ Հայաստանի պետական քամերային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Վահան Մարտիրոսեանի: Հանդիսութեան հերթաբար յաւուր պատշաճի խօսքերով հանդէս եկած են Վերապատուելի Նազարէթ Տարագճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ, Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն, Վերապատուելի Դոկտ. Վահան Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէն եւ վերջապէս փակման խօսքով հանդէս եկած է Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահը: Խօսք առնող կրօնական գործիչները շեշտը դրած են Հայ Աւետրանական եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան վրայ, յիշեցնելով, որ 1846-ին Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած եւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած Հայ Աւետարանական եկեղեցին եղած է մեր ժողովուրդին նեցուկ եւ տարբեր՝ կրօնական, հոգեւոր, մշակութային, կրթական, առողջապահական եւ տարբեր ոլորտներու մէջ ծաւալած է բեղուն՝  ազգօգուտ ու հանրօգուտ գործունէութիւն:


 

Յիշեցնենք, որ նախքան այս հանդիսութիւնը, անցնող օրերուն աշխարհի տարբեր երկիրներէն՝ ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ Հայ Աւետարանական գործիչներ ներկայ եղած էին համայնքի ընդհանուր հարցերը քննարկող հաւաք-ժողովի մը: «Արեւելք» այս առթիւ ունեցած է հարցազրոյցներու շարք մը, որ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնուի յառաջիկայ օրերուն: