image

Հալէպի հայկական դպրոցները բաւական անորոշ պայմաններու տակ իրենց դռները կը վերաբանան (Լուսանկարներ)

Հալէպի հայկական դպրոցները բաւական անորոշ պայմաններու տակ իրենց դռները կը վերաբանան (Լուսանկարներ)

Այսօր, երկուշաբթի 19 սեպտեմբերին Հալէպի հայ աշակերտները, նման քաղաքի բոլոր աշակերտներուն դպրոց պիտի վերադառնան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս առիթով Հալէպի Ազգային բոլոր վարժարանները, որոնք մէկտեղուած են Սուլայմանիյէ-Թէլէֆոն Հաուայի շրջաին մէջ եղող «Կիւլպէնկեան վարժարան»ի շէնքի մէջ, վերամուտի առթիւ յատուկ միջոցառում մը կազմակերպած են: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ վաղը իրենց դռները պիտի վերաբանան Հալէպի Կիլիկեան, ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան, «Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան», «Գալուստ Կիւլպէնկեան», «Քարէն Եփփէ» Հայ Աւետարանական «Փէթէլ», Հայ Կաթողիկէ «Զուարթնոց» վարժարանները: Մեր աղբիւրը  նշեց, որ ապահովական նկատառումներով ազգային չորս վարժարանները, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս   մէկտեղուած են «Ազգային Կիւլպէնեան վարժարան»ի կառոյցին մէջ: Ըստ մեր աղբիւրին, մինչեւ այս պահը յստակ չէ, այսօր դպրոց վերադարձող հայ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եւ յառաջիկայ օրերուն է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ նախնական տուեալներ ստանալ, տրուած ըլլալով, որ վերջին ամիսներուն մեծ թիւով ընտանիքներ ապահովական եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանքով ստիպուած եղան դուրս գալ Հալէպէն: Յիշեցենք, որ Հալէպի   Ազգային վարժարանները ինչպէս նաեւ Կիլիկեան եւ «Հայ Աւետարանական Փէթէլ վարժարան»ը երկրին մէջ տիրող պատերազմական պամաններուն համար դպրոցական արձանագրութեան կամ կրթաթոշակի գումար չեն գանձեր եւ աշակերտները կը հոգան միայն դասագիրքերու եւ գրենական պիտոյքի ծախսերը: Մեր աղբիւրը նաեւ տեղեկացուց, որ Հալէպի մէջ այս տարի եւս պիտի գործէ «Դպրոց հիմնադրամ» անունով ֆոնտ մը, որ հիմնադրուած է տարբեր գաղութներու կողմէ Հալէպի համար եղած դրամական յատկացումներով եւ որուն հիմնական նպատակն է նիւթական օժանադակութիւններ տալ հալէպահայ կարիքաւոր սաներուն: Գալով Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ տիրող ապահովական պայմաններուն, կարելի է ըսել, որ անցող 24 ժամերուն ու յատկապէս Տէր Զօրի մէջ եղած զարգացումներէն ետք Հալէպ եւս կ'ապրի սպասողական իրավիճակ մը: Իրադրութիւնը աւելի բարդացած է Մոսկուայի ու Ուաշինթընի միջեւ եղած  բանակռիւներուն եւ մեղադրանքներով հետեւանքով: Ըստ կարգ մը զինուորական դէտերու, Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ երկու հզօրագոյն տէրութեանց ճիգերով շաբաթ մը առաջ հաստատուած հրադադարը կը գտնուի բաւական փխրուն վիճակի մը մէջ եւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումի հաւանականութիւնները մեծ են: