image

Քիւրտերը այս անգամ ալ մնացին ... առանձին

Քիւրտերը այս  անգամ ալ  մնացին ... առանձին

Սուրիա-Թուրքիա  սահմանային  հատուածներուն մէջ  գրանցուող դէպքերը ցոյց կու տան, որ  շրջանին  մէջ յատուկ «գանթոն»ներ ստեղծած  քրտական խմբաւորումները  յայտնուած են թիրախի կարգավիճակի մէջ:   Այս  խօսքին  մեծագոյն ապացոյցը ԱՄՆ  պաշտպանութեան նախարար  Աղթըն Քարթըրի       ըրած յայտարարութիւնն էր, ուր վերջինս  կոչ կ'ուղղէր  թրքական ուժերուն՝ հեռու մնալ քրտական ջոկատները  իրենց հարուածներուն  թիրախ դարձնելէ: Ամերիկացի   պաշտօնատարին այս խօսքը լաւագոյն ցուցանիշ է, որ   իրենք՝ ամերիկացիները իրենց «ձեռքերը  կը լուան»  այս  խնդրէն  ու շատ հաւանական է, որ    տարբեր խմբաւորումներու  մէջ բաժնուած   քիւրտերը պիտի մնան առանձինն թրքական հրանօթներուն  դիմաց:    Իր    կարգին    «Ալ Մայատին» կայանը կը հաղորդէ, որ թրքական ուժերուն հիմնական նպատակն է   քրտական  համարուած  երեք  քաղաքները՝  Գոպանին (Արաբունար),   Մընժէճը եւ    Գամիշլիին  իրարմէ զատել եւ վերջնական հարուած մը տալ   քրտական «Մեծ երազ»ին:  Գաղտնիք ալ, չէ, որ նման քայլ մը   Դամասկոսի համար եւս ողջունելի   քայլ  մըն է,  բացի անկէ, որ   պաշտօնական Դամասկոս այսօր առաւօտ կանուխ  դատապարտած էր թրքական  բանակին կատարած քայլերը եւ զանոնք  համարած ՝ պատերազմական ոճիր: Այս բոլորէն  անդին, երեւելի է նաեւ, որ  ռուսական  կողմին  «լուռ այո»ին  տիրացած Անգարան  պատրաստ է   ամէն գնով  շարունակել իր  զինուորական գործողութիւնները, մինչեւ որ քրտական կողմին  մօտ  ինքնակառավարման     հիմնական  մէքանիզմները չքանան:

Յառաջիկայ օրերուն  գետնի վրայ  կատարուող   իրադարձութիւնները          ցոյց  պիտի տան, թէ շրջանը ինչ նոր  ընդհանուր    կերպարանք պիտի ստանայ, բայց եւ այնպէս  յստակ ու բացորոշ է, որ այս  հանգրուանին   յատկապէս  քիւրտերը անգամ մը եւս առանձին պիտի մնան իրենց ճակատագրին դիմաց:

Իսկ քրտական «մեծ երազ»ին մասին  խօսիլը   առնուազն  այս հանգրուանին  հերթական միամտութիւն  է: