image

Աւստրալիա փակած է՞ իր դռները Հալէպահայերու առջեւ

Աւստրալիա փակած է՞ իր  դռները Հալէպահայերու  առջեւ

Անցնող շաբաթներուն հիասթափութեան մթնոլորտ մը աճած է հալէպահայերու մօտ: Խնդիրը կապուած է այն մեծ քանակով մերժումներուն հետ, որ կը տրուին Աւստրալիա որպէս գաղթական երթալ ուզող եւ փաստաթուղթեր լրացուցած հալէպահայերուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ մասնաւորապէս վերջին  շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայերու որպէս գաղթական Աւստրալիա մեկնելու դիմումները կտրականապէս  մերժուած են: Ըստ մեր աղբիւրին, քիչ չէ թիւը այն դիմորդներուն, որոնք ամէն դժուարութիւն իրենց աչքը առնելով Հալէպէն Պէյրութ կը մեկնին եւ կը փորձեն շատ կարճ միջոցի մը մէջ լրացնել ՄԱԿ-ի  փախստականներու գրասենեակին կողմէ, իրենց տրամադրուած փաստաթուղթերը, որմէ ետք կը դիմեն Պէյրութի մօտ Աւստրալիական  դեսպանատուն: Այս առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ դիմումներու մերժումները կը կատարուին շատ արագ եւ 24 ժամուան ընթացքին դիմորդներ  դեսպանատունէն այդ մասին տեղեակ կը պահուին: Կան նաեւ այլ ընտանիքներ, որոնց փաստաղթուղթերը աւելի քան 3 ամիսներէ ի վեր ներկայացուած են դեսպանատուն եւ ցարդ, իրենց խնդրով յստակ տուեալներ չեն փոխանցուիր:  Նշենք, որ ասկէ շուրջ երկու ամիս առաջ պատկառելի թիւով հալէպահայեր փախստականի  կարգավիճակ ստանալով մեկնած էին դէպի աւստրալիական   ափեր: Տակաւին կ'անդրադառնանք այս թեմային: