image

Յարութ Պաղտոյեանի մարմինը վաղը պիտի յանձնուի հողին

Յարութ Պաղտոյեանի  մարմինը  վաղը պիտի յանձնուի  հողին

Հալէպի շուրջ  եղած   մարտերուն  ընթացքին  զոհուած  Յարութ Պաղտոյեանի մարմինը վաղը պիտի յանձնուի հողին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:  Նշենք, որ    Ռաքքայի ծնունդ եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպ տեղափոխուած  հայ զինծառայողին ճակատագիրը,  շուրջ   մէկ ամիսէ ի վեր  շարունակէր  մնալ անյայտ: Մեր աղբիւրը նաեւ հաստատած էր, որ 1992 թուականի ծնունդ Յարութ (հօր անունը՝ Մանուկ) Պաղտոյեան ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ անհետացած է: Սուրիոյ բանակի զինուորը ծառայած էր Իտլիպ, Տարայա եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ, ու ան վերջին անգամ տեսնուած է Հալէպի մէջ: Նշենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին այս երկրորդ պարագան է, որ կը գրանցուի  եւ 3 շաբաթ առաջ Յարութ Քահքէճեան անունով հալէպահայ այլ զինուոր մը նոյնպէս անհետացած էր: Քահքէճեան կը մասնակցէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ» վարժարանի շրջանի  պաշտպանութեան մարտերուն, եւ անոր հետքը կորսուած է անցնող  1 օգոստոսէն ի վեր: