image

Քանի՞ Սագօ Գույումճեաններ պիտի զոհուին Հալէպի մէջ, որ մենք արթննանք մեր խոր քունէն

Քանի՞ Սագօ Գույումճեաններ պիտի   զոհուին Հալէպի մէջ, որ մենք   արթննանք մեր խոր  քունէն

Անցեալ կիրակի օր  հայկական «Նոր գիւղ» թաղամասին մէջ  ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք, երէկ   ՀՄՄ-ի  Հալէպի նուիրեալ անդամներէն ՝ Սագօ Գույումճեան      իր մահկանացուն կը  կնքէր  «Ալ Րազի» հիւանդանոցէն ներս:     Արդէն   150-է աւելի  զոհեր    տուած հալէպահայ  համայնքը կը շարունակէ ապրիլ իր ամէնէն օրհասական պահերը:  Հինգ  երկար  տարիներ, պատերազմի, արեան,  անորոշութեան  եւ կորուստի: Ու այս բոլորին դիմաց   մեր  բոլորին  անտարբեր հայացքները  եւ    գետնի վրայ բան մը փոխել չկարենալու համոզումը:  Հալէպը այսօր կը դատարկուի: Ու    երեւելի է նաեւ, որ  նոյնիսկ այսօր տեղի ունեցող ամենածանր   ռազմական  գործողութիւններէն ետք,  երբեմնի Միջին Արեւելքի հայութեան  կեդրոնական     գաղութը     ականատես պիտի  դառնայ հայաթափման  նոր ալիքի մը:  Այս բոլորին մէջ    բնականաբար, երբեք  արդար պիտի չըլլար   քննադատել   բոլոր անոնց,  որոնք   ինչ-ինչ պայմաններէ մղուելով պիտի լքեն իրենց սիրելի ծննդավայրը:  Տակաւին չենք խօսիր,անոնց մասին, որոնք վայրկեան առաջ կ'ուզեն Հալէպէն հեռանալ, բայց պարզ  տոմսի մը   գումարը չունենալնուն համար ստիպուած են իրենց   առօրեան շարունակել, սպասելով խաղաղութեան  աղաւնիին, որ    առնուազն այս պահուն        տեսադաշտին   մէջ չ'երեւիր:  Տակաւին չըսենք, այն հարիւրներուն մասին, որոնք յառաջացեալ  տարիքի մէջ  գտնուելու  հետեւանքով   յանձնուած են  «դառն ճակատագիր» ըսուածին եւ կը սպասեն իրենց  ճակատագրի    վերջին  խազին:

Այս բոլորը կան: Այս բոլորը իրաւացի են, սակայն  տխուրն ու   այպանելին   հայութեան ընդհանուր կեցուածքն է Հալէպի   առընթեր:

Այն հայութեան, որ տակաւին չհասկցաւ, որ Հալէպը   Պէյրութ չէ:  Այն հայութեան, որ մինչեւ այս պահը կը  մտածէ, որ միայն   փող հաւաքելով եւ   հաշթէկներ    ընելով կամ  սուրիահայութեան համար  համերգ կազմակերպելով պիտի   մաքրուի  Հալէպի վէրքը:

Պէտք է նաեւ դիտարկել, որ բոլորին համար յստակ է, որ Սուրիոյ  պատերազմը     բաւական երկար պիտի տեւէ ու բացի ատկէ  այս  պատերազմին  մէջ յաղթական կողմեր պիտի չըլլան:

Պարտուողը Սուրիան է: Պարտուողը Հալէպն է ու  հալէպահայութիւնը:

Այս խօսքերը չպէտք է համարել յուսահատական    շեշտով  արտաբերուած  նախադասութիւններ, հապա  ճշմարտութիւնները   տեսնելու իրական կոչ:

 Վէրջին առնուազն 3  տարիներուն սուրիահայութեան, բայց մանաւանդ  վիրաւոր հալէպահայութեան թեման դարձաւ հայութեան  սեղանին  դրուած    գլխաւոր գերխնդիրներէն մին:   Եղան տարաբնոյթ ժողովներ, քննարկումներ եւ հանդիպումներ ու  ցաւալին ու ընդվզեցնողը այդ ժողովներուն անարդիւնաւէտ ըլլալն էր:

Հայաստան Հալէպի հարցով, թէեւ աւելի առաձգական էր ու     բրակմաթիք, ապա  նաեւ  տամասկոտ, սպասելով սփիւռքի  մարմիններուն Հալէպի ուղղութեամբ կայացնելիք ընդհանուր վճիռին: Ամիսներն ու օրերը հալեցան, բայց Հալէպի վէրքը մնաց բաց ու անբուժելի: Իսկ այսօր, երբ քաղաքը յայտնուած է «մեծ  ճակատամարտ»ի բովին մէջ, այսօր    ի՞նչ պիտի ըսենք մենք բոլորս, ցայսօր Հալէպ  մնացող մեր հարազատներուն:

 Արդեօ՞ք մենք կը հասկնանք տագնապին իսկական խորութիւնը:

Արդեօ՞ք մենք կը գիտակցինք, որ  հալէպահայութեան անվտանգութիւնը      կը գտնուի լուրջ փորձաքարի առաջ:

Եթէ   կը հասկնանք, ապա    պախարակելի է,  մեր բոլորին հաւաքական     լռութիւնը: Իսկ, եթէ ոչ, ապա   Սագօ Գույումճեանի, անոր անմխիթար ընտանիքին ու հարազատներուն, անոր լեղապատառ   եղած  այրիին   ցաւին  արձագանքները պէտք է մեզի համար հնչեն, որպէս   արթնութեան  վերջին ահազանգ:  Այլապէս Հալէպին սպասող դաժան   ճակատագրին դիմաց պատասխանատու ենք բոլորս,  բայց մանաւանդ այն մարմինները, որոնք  կոչուած  են մեր ժողովուրդը նման  օրհասային պահերու  փրկել ու հասցընել դէպի ապահով ափ:


 «Արարատ»/Պէյրութ