image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան անունով երիտասարդ մը

Հալէպի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած է Սագօ  Գույումճեան անունով երիտասարդ մը

Հալէպի մէջ  ծանրօրէն վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան անունով  երիտասարդ մը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Գույումճեան «Նոր Գիւղ» շրջանէն անցած  պահուն անյայտ կապար մը ստանալով փոխադրուած է «Ալ Րազի» հիւանդանոց  եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու  խնամքին տակ:  Կը հաղորդուի, նաեւ, որ  Գույումճեան  վիրաւորուած է գլուխէն եւ անոր վիճակը բաւական ծանր է:  Նշենք, որ 47-ամեայ Գույումճեան  անդամ է  Հալէպի  «Հայ մարմնակրթական միութեան»՝ ՀՄՄ-ին եւ ան, որպէս երաժիշտ եւ  վարչական     պատասխանատու երկար տարիներ ծառայած է հալէպահայ  համայնքէն ներս: