image

Հալէպ ծանրօրէն կը ռմբակոծուի. Կան Տասնեակ զոհեր

Հալէպ   ծանրօրէն  կը ռմբակոծուի. Կան Տասնեակ զոհեր

Հալէպի տարբեր շրջաններ ծանր հրթիռարձակումներ կ'ենթարկուին: Այս մասին տեղեկութիւն  փոխանցող  աղբիւրներ նոյնպէս  կը հաղորդեն, որ երէկ գիշեր ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկուած  է մանաւանդ   Համատանիյէ շրջանը:  Ըստ  «Ալ Մայատին»   կայանին,  նշեալ շրջանի  վրայ եղած  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած  են 30 անձեր, որոնց մեծ  մասը կիներ եւ երեխաներ են: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ «Ալ  Համատանիյէ» շրջանը բնակեցուած է  տարբեր մարտի  գօտիներէ շրջան եկած   փախստականներով:     Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական շրջաններուն,  ապա ըստ  մեր աղբիւրներուն այդ շրջանները կը գտնուին համեմատաբար  խաղաղ  վիճակի  մը մէջ:    Շրջանին մէջ  սակայն  երեւելի է  ջուրի  տագնապ եւ   անցնող  5     օրերուն շրջանները զրկուած են ջրամատակարարումէ: Նոյնը կարելի է ըսել ելեքդրական հոսանքի  պարագային: