image

Պէյրութ Եւ Երեւան. Երկու Ջրցաններու Տարբերութիւն

Պէյրութ  Եւ Երեւան. Երկու Ջրցաններու Տարբերութիւն

Ակներեւ է, որ այս օրերուն  Պէյրութի մէջ  հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ   գործի  մղուած ջրցանը աւելի ուժգին է,  քան` Յունիս ամսուն    Երեւանի մէջ        օգտագործուած ջրցանը:   Երկու պարագային ալ     գետնի վրայ օրակարգ  թելադրել փորձող ուժը քաղաքացիական հասարակութիւնն է:    Մինչ  Երեւանի   աքթիւիսթները  կը պահանջէին     Հայաստանի կառավարութեան կողմէ   ելեքդրականութեան   հոսանքին վրայ դրուած    7 դրամի թանկացման ջնջումը, անդին պէյրութցիներու պահանջները սկիզբ կ'առնեն     ամիսէ մը ի վեր  մայրաքաղաքն ու  արուարձանները  լեցուած   աղբերու խնդրին լուծումը:  Երեւանի    քաղաքացիական հասարակութիւնը ենթարկուեցաւ «խաղի կանոն»ներուն   եւ   տարբեր հանգամանքներու բերումով   աքթիւիսթները      ոստիկանութեան         ճնշումներէն ետք հեռացան ու վերաբացին 15 օր փակ պահուած Բաղրամեան    պողոտան:   Երեւանեան հաւաքներու   պատկերը  ուրուագծուեցաւ   քաղաքակիրթ երանգներով եւ  զգալի էր, որ  «ամէն ինչ վերահսկողութեան» տակ էր, բացի    հաւաքի  առաջին  օրը     գրանցուած դէպքերէն,  ուր  բռնութեան հարուած ստացան   նոյնիսկ լրագրողները:  Պէյրութի պատկերը բոլորովին  տարբեր է:   Մինչ  քաղաքական   կողմեր կը փորձեն      յայտարարութիւններ  կատարելով մեղմել դրութիւնը, անդին     քաղաքացիական  շարժումի աքթիւիսթներ կը պահանջեն վարչապետին  հետեւաբար, նաեւ  կառավարութեան հրաժարականը:   Յստակ է, որ  Պէյրութի այս ցոյցերուն  «խաղի կանոն  թելադրող» չկայ, որովհետեւ  երկիրը անգլուխ է (առանց նախագահի) եւ    համայնքային   դրութեամբ  ապրող երկրին մէջ   վարչապետին  խօսքը տիրական  չէ հանրութեան  բոլոր շերտերուն վրայ:  Ապահովական մարմինները  բիրտ  միջոցներ կը կիրառեն ու մինչեւ այս տողերուն  գրուիլը քսանէ աւելի վիրաւորներ   կը փոխադրուին հիւանդանոց:  Խնդիրը այստեղ միայն աղբը չէ, այլ «քաղաքական աղբ»ը, որուն մասին   կը խօսէր նոյնինքն «բարի կամեցողութեան» խորհրդանիշ  դարձած   երկրի վարչապետը: 

 Քաղաքական աղբի մաքրութեան  տուեալները   երեւելի ալ չեն, որովհետեւ   շուրջ  երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին միայն 20      հազարը  կը մասնակցի այս  ցոյցերուն:

 Երկիրը  ծանր հիւանդ է: Իսկ հիւանդութիւնը համայնքային դրութիւնն է, որուն    համարկումը եւ շարունակութիւնը     ցանկալի է քաղաքական   կարեւոր ուժերուն համար:

  Հետաքրքրականը  այս  ցոյցերուն   թայմինկն է, մանաւանդ որ շրջանային ուժեր ամէն գնով կը փորձեն Լիբանանը  հեռու պահել  սուրիական  խնդրի  հրդեհներէն:

 Երկու մայրաքաղաքներուն   միջեւ պարզ համեմատութիւն մը ընելով  կարելի է ըսել, որ   Պէյրութի ջրցանը կը գործէ բոլորովին  այլ  հաշուարկներով:   Ճիշդ է, որ բռնութեան    մակարդակներու միջեւ համեմատութիւն կատարելը  անհեթեթ գործ է  սակայն երեւելի է, որ  Երեւանը    կը շնչէ  հայրենիքի մը սիրտը  ըլլալու  ռիթմերով: Երեւանի մէջ ցուցարարներն ու ոստիկանները    հարազատներ են: Իսկ Պէյրութի մէջ      գործադրուած բռնութիւնը  ցոյց կու տայ     բոլոր  սահմանագիծերը  կտրող   ատելութիւն`   մէկ կողմէ ցուցարաներուն եւ միւս կողմէ ապահովական մարմիններուն միջեւ:

 Պէյրութը կրնայ  այս ընթացքով քաոսի     դռները  բանալ, որովհետեւ ժողովուրդին մօտ քաղաքական    ղեկավարութեան  հանդէպ առկայ ատելութիւնը       համատարած  քանդումներ   ընելու  ուժ ունի:

Ու քանդումը նախ  մարդուն  ուղեղին  մէջ է,  որ կը ձեւաւորուի ու ապա   կը  տարածուի տունէ-տուն, մայթէ-մայթ եւ  փողոցէ- փողոց:

 Նոյն քանդումի        ախտն էր,  որ  Պէյրութը   տարաւ     30 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմի:  Եւ այսօր ալ   այդ պատերազմը «հիմնող» բոլոր տարրերը կան:

Կարեւոր  է դիտարկել, որ    ի վեր    գոյացած  «շինծու» խաղաղութեան  յանկերգները  չեն յաջողած  Պէյրութը Լիբանանի   սրտին վերածելու:

 Պէյրութը շատ-շատերուն համար  «պանդոկ» էր  երէկ ու պանդոկ է այսօր:

 Կը մնայ հարցադրումը, արդեօ՞ք այս քաղաքացիական  շարժումը, որուն ձեռնոցները    սպիտակ են,  պիտի կարողանայ  դրական ընթացքներու  ճանապարհ մը բանալ, տրուած ըլլալով, որ աղբի, ընկերային-տնտեսական բազմապիսի հարցերու  ուժանակները աւելի ուժեղ են,  քան` այն ձեռնառումբերը , որոնք    1975-ի առաջին ամիսներուն  կը  նետուէին նոյն   Պէյրութի        փողոցներուն վրայ:

                               Խմբագիր