
Սեւակ Արծրունիի բացման խօսքը «Իրաւունքներու շուրջ միաւորուած» քիւրտ-հայկական երկխօսութեան յանձնաժողովի առաջին հանդիպման ժամանակ:
Պրիւքսէլ 28 ապրիլ 2017 թուական:
Յարգելի գործընկերներ,
Նախ թոյլ տուէք ձեզ ողջունել այս կարեւոր եւ համարձակ հանդիպման «Արեւմտահայերու ազգային համագումար»ին եւ « 19 Յունուար նախաձեռնութեան» անունով:
Ես կ'ողջունեմ բոլոր քիւրտ մասնակիցներուն եւ կը խրախուսեմ անոնց խիզախութիւնն ու վճռականութիւնը Հայկական հարցի նկատմամբ իրենց ունեցած առարկայական, անաչառ հայեացքի համար:
Այն պատմական պահը, որ կը միաւորէ մեզ այստեղ ճգնաժամային է: Ես այստեղ ելոյթ կ'ունենամ այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ մեր ազգերը արիւն կը թափեն Շըրնաքի մէջ, Քոպանիի մէջ, Սինճարի եւ Ղարաբաղի /Արցախ/ մէջ, դիմակայելով Նէօ-օսմանական եւ բանթուրքական վերամբարձ երազները:
Եւ մինչ տարածաշրջանային ուժերը կը պայքարին քրտական ինքնորոշման դէմ, հայերն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը այն քիչերիւ թիւին կը պատկանին, որոնք կը համակրին այս պատմական անհրաժեշտութեան:
Այնուամենայնիւ ես կ'ուզեմ նշել, որ նաեւ անհրաժեշտ է առանց երկբայելու մատնացոյց ընել, որ բազմաթիւ ճգնաժամային հարցեր դեռ կը բաժանեն մեզ: Հայ-քրտական բարեկամութիւնը կը շարունակէ արհեստական մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ երկու կողմերն ալ չեն ընդունած անցեալի իրողութիւններու հետ առերեսուելու անհրաժեշտութիւնը: Ես անձամբ կը հաւատամ, որ չկայ այնպիսի բան մը, որ չենք կրնար յաղթահարել, ոչ մէկ անլուծելի խնդիր չկայ, բայց կայ մեծ գոյացած լեռ մը չբարձրաձայնուած խօսքերու, որ կը բաժանէ մեզ: Եւ շատոնց ժամանակը անցած ու յաղթահարած է լռութեան բոլոր խոչընդոտները, ներգրաւուած բաց եւ անկեղծ քննարկումներու մէջ: Կարեւոր է մեզի համար պատմութիւնը ուսումնասիրել եւ բացայայտել այն խոչընդոտները, որոնք կը կանխեն հայ եւ քիւրտ առաջնորդներու միաւորումը ընդհանուր նպատակի շուրջ ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք:
Մենք այստեղ ենք երկխօսութեանվ ճռական կամքով: Մենք այստեղ ենք դէմ առ դէմ քննարկման համար առանց նախապաշարումներու, առանց ուրուականներու վախի, առանց երրորդ կողմի միջամտութեան եւ ամբողջապէս ազատ մտածողութեամբ:
Այսօր մենք կը պատրաստուինք հիմնել երկխօսութեան եւ հաշտութեան քիւրտ-հայկական յանձնաժողով: Մեր նպատակը պիտի ըլլայ մատնանշել ու բոլոր խնդիրները առանց որեւէ տեսակի կարծրատիպերու, արգելքներու, սահմանափակումներու կամ բանադրանքներու: Մենք պիտի մատնանշենք բոլոր վախերն ու կասկածները, մինչեւ հասնինք վերջնական խաղաղութեան, արդարութեան եւ համախմբուածութեան:
Յարգելի գործընկերներ,
Երկու կողմերն ալ բաւականին շատ բաներ յաղթահարած են, որպէսզի կարենան այսօր այս սենեակ ոտք դնել եւ մեծ հաճոյքով ու պատուով ես այսօր կը յայտարարեմ, որ մենք այս քննարկման մինակ չենք: Մեր ընդհանուր հայրենիքի` Փոքր Ասիոյ բոլոր խաղաղասէր ցեղային (էթնիք), էթնո-կրօնական, կրօնական եւ լեզուական խումբերը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավար աշխարհիկ թուրքերը մեզի հետ են: Վաղը «Իրաւունքներու շուրջ միաւորուած» «19 յունուար նախաձեռնութեան» ներկայացուցիչներու մէկ այլ պատուիրակութիւն պիտի ուղեւորուի Աթենք եւ Սալոնիկ ներգրաւուելու լայն քննարկումներու մէջ Փոքր Ասիոյ բոլոր արտաքսեալ յունական համայնքներուն հետ:
Այս տարուայ յունուար ամսուն մենք հանդիպեցանք Պերլինի մէջ եւ աւելի ուշ Փարիզի մէջ «Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներու շուրջ միաւորուած» պատմական շարժման հիմքը դնելու: Հիմա մենք կը կատարենք առաջին քայլերը: Անցեալ ամիս մենք հրապարակեցինք հիմնադիր քոնֆերանսներու եզրակացութիւնները, ուր Երկխօսութեան գլխաւոր սկզբունքները գլխու 18-րդ կէտը կը մատնանշէ հետեւեալը.
«Քրտական պատմական գործօնի առնչութեամբ մենք համաձայն ենք հետեւեալ դիրքորոշումներուն`
Որոշ քրտական ցեղախումբեր եւ անհատներ մասնակից եղած են ցեղասպանութեան որոշումներու կայացմանն ուիրագործման, մինչդեռ գլխաւոր պատասխանատուութիւնը Երիտթուրքերու եւ պաշտօնական Անգարայի վրայ է:
Քիւրտ ժողովուրդը նիւթապէս օգտուած է Փոքր Ասիոյ ոչ իսլամ ժողովուրդներու բնաջնջումէն:
Պատմական ճշմարտութիւններու պարզապէս ճանաչումը բաւարար չէ: Հետեւաբար մենք կոչ կը յղենք Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրքիայէն դուրս գտնուող քրտական քաղաքական կառոյցներուն եւ վերնախաւին միանալ մեր այս շարժման` վերակազմաւորելու համար Փոքր Ասիոյ բոլոր շահագրգիռ ժողովուրդներու ցանկը:
Ես վստահ եմ, որ այս գրութեան մէջ նոր բան չկայ:
«Խումբ մը քիւրդ առաջնորդներ եկան ի վերջոյ գիտակցլու աղետալի հետեւանքներով սխալ կրօնական աւիւնը իրենց ժողովուրդի այնպէս, ինչպէս թուրքերու փանիսլամական անզգամ եւ ստոր քաղաքականութիւնը: Քիւրտ առաջնորդները զգացին, որ եթէ քիւրտերը շարունակեն աւելի երկար որպէս գործիք ծառայել խելագար ու անսկզբունքային կառավարիչներուն, անոնք ոչ միայն պիտի կորսնցնեն քաղաքակիրթ աշխարհին մարդկութեան խղճի կոչով դիմելու իրաւունքը, այլեւ պիտի կնքեն իրենց կործանման դատավճիռը»: Այս խօսքերը կը պատկանին Սուրայա Պետիրխանին` Հոյպունի ապստամբութեան հիմնադիր առաջնորդներէն մէկուն:
Թուրք ազգայնականներու կողմէ քրտական խիղճի շահագործումը նոր երեւոյթ չէ. Ան սկիզբ առած է դարերու խորքէն եւ կը հասնի մինչեւ մեր ժամանակները:
2014 թուականի 24 ապրիլին քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մենք յարգանքով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը` յուսալով, որ նմանատիպ տառապանքներ նորէն չեն կրկնուիր»:
Իր նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին քիւրտ առաջնորդ պարոն Սէլահատտին Տէմիրթաշը յայտարարեց. «Բոլորը` այդ շարքին քիւրտերը մասնակից եղած են: Սակայն քաղաքական հեղինակութիւնը օսմանեան ռեժիմն էր Թալաթ Փաշայի գլխաւորութեամբ: Անոնք, որոնք հրամաններ տուած են, կազմած են ծրագիր ու կայացուցած որոշումներ, անոնք իշխող Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութեան գաղափարներու կրողները եղած են եւ անոնք պատմութեան դատաստանի առջեւ պատասխանատու են»:
Որեւէ քիւրտ առաջնորդ, պետական, պաշտօնական ներկայացուցիչ երբեւէ չէր խօսած հայերու կորուստներու, տառապանքներու, անոնց փոխհատուցման իրաւունքի մասին:
2014 թուականի հոկտեմբեր ամսուն Արեւմտահայերու Ազգային գոնկրէսը Տիարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիրին հրաւիրեց Երեւան: Երեւանի մէջ պարոն Պայտէմիր Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ իր ունեցած ելոյթի ժամանակ հանդիսաւոր կերպով հրաւիրեց հայերուն վերադառնալու իրենց տուները:
Պարոն Պայտէմիրի այս յայտարարութիւնը բանավէճերու առիթ հանդիսացաւ. այս յայտարարութիւնները զուտ ապարդիւն յայտարարութիւննե՞ր են: Արդեօ՞ք քիւրտ բնակչութիւնը եւ քաղաքական կառոյցները պատրաստ են դիտարկելու հայերու վերադարձը իրենց պատմական հայրենիք: Անոնք պատրա՞ստ են ճանչնալու հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Փոքր Ասիոյ այլ ժողովուրդներու կորուստներն ու իրաւունքները: Կրնա՞յ «Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ» դաշնային պետութիւններու ստեղծումը լուծել այդ խնդիրը: Քիւրտ առաջնորդները կը պատկերացնե՞ն սահմաններն ու տարածքային բաժանումները:
Միլիոնաւոր իսլամաց(ու)ած հայեր դեռ ծպտեալ կը գոյատեւեն Թուրքիոյ մէջ: Արդեօ՞ք քիւրտերը պատրաստ են անոնց առաջարկել կրօնական, ցեղային եւ մշակութային ազատութիւններ:
Ոչ միայն հայերը կը միջնորդեն ազատութեան համար: Փոքր Ասիոյ Իրաւունքներու շուրջ միաւորուած շարժման հիմնարար եզրակացութիւնները յստակ են եւ ես կը մէջբեմեմ.
«Մեր գործունէութեան շրջանակներու մէջ կ'ընդգրկուի մեր ընդհանուր հայրենիքի` Փոքր Ասիոյ եւ անոր սփիւռքի բոլոր ցեղային, էթնո-կրօնական, կրօնական եւ լեզուական խումբերը: Երեք հիմնական խումբեր կան` լեզուական, կրօնական եւ ցեղային (հայերը, յոյները եւ արամերէն խօսող քրիստոնեաները), աւելին` մեր շարժումը իր մէջ կը ներառէ ոչ իսլամ, ոչ թրքական տարրեր (Համշէնցիներ, Տէրսիմցիներ / Զազա,Քըզըլպաշ, Քուրմանճ եւ Քըրմանճ/, ալեւիներ, եզտիներ, նուսայրիներ եւայլն), նաեւ ոչ թրքական, ոչ քրտական սուննի տարրեր`չերքէզներ, լազեր եւայլն:
Հիբրիդային ինքնութիւնները երկխօսութեան տեսանկիւնէ կամուրջի դեր կը կատարեն: Անոնք հանրոյթներու միջեւ երկխօսութեան արագացման խթան կրնան հանդիսանալ:
Արամեական ծագման պատկանող մարդիկ պէտք է ներկայացուին ըստ իրենց ընտրած ինքնութեան ինքնագիտակցման` ասորիներ, արամեացիներ կամ քաղդեացիներ»:
Յարգելի գործընկերներ,
Մեր առաքելութիւնը խրթին է: Մենք կը գտնուինք գոյատեւման պատերազմի մէջ: Մենք կանգնած ենք երես առ երես ընդդէմ ամբողջատիրութեան, խտրականութեան, կոտորածներու, միջնորդավորուած(proxy) պատերազմներու, եւ դժբախտաբար ցեղասպանութիւններու աճող սպառնալիքներու: Բոլոր այս սպառնալիքները, այդ շարքին `վերջին զարհուրելի ռազմական գործողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մեզ բոլորիս կը խոստանան անորոշ ապագայ:
Այս ծանր հանգամանքներուն մէջ, մենք պէտք է միաւորենք մեր ջանքերը եւ հետեւինք մեր ընդհանուր նպատակներուն մեր ընդհանուր հայրենիքին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու, արդարութիւն հաստատելու եւ մեր ընդհանուր իրաւունքները պաշտպանելու համար: Մենք պէտք է միաւորենք մեր ուժերը բոլոր օրինական եւ խաղաղ միջոցներով հասնելու համար այս միասնական նպատակին:
Ես կ'ուզէի աւարտել իմ խօսքը Մարթին Լիւթեր Քինկի հետեւեալ տողերով, որ կը կարծեմ նաեւ մեզ` Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներուս կը վերաբերի. «Մենք պէտք է սորվինք ապրիլ միասին որպէս եղբայրներ, կամ մեռնիլ միասին յիմարներու պէս»:

















