image
Հրատապ լուրեր:

Յակոբ Չոլաքեան. Միասնաբար պիտի լան ու մղկտան ամօթէն...

Յակոբ Չոլաքեան. Միասնաբար պիտի լան ու մղկտան ամօթէն...

 

Ես ինծի հետ
 
հայհոյելով, անիծելով, սպառնալով

Կան մարդիկ, որ կը հայհոյեն, ոչ թէ այդպէս, պատահաբար, այլ մշտապէս, ամեն առիթի, սիրոյ թէ ատելութեան, բարկութեան թէ խաղաղութեան, համախոհութեան թէ այլախոհութեան ատեն: Ես կը ճանչնամ շատերը, որոնց օրհնեալ բերանը կը յորդի լուտանքէ ու յիշոցքէ, անէծքէ ու սպառնալիքէ: Անոնց ինքնաբացայայտման միակ միջոցը հայհոյանքն է: Առիթը որեւէ հանդիպում, յիշողութիւն, ակնարկութիւն կրնայ ըլլալ. կը սկսին. ա՛լ հոգիին, հաւատին, թուղթին (Գիրքին), ցեղին, շինողին, աշխարհ բերողին, մեծցնողին, ժամին-սղաթին... ու կը հասնին մինչեւ կորին (գերեզմանին), ու անկէ անդին ալ...
Հայհոյանքը կրնայ բազմաշերտ ըլլալ, օրինակ, եթէ խնդիրը ինքնաշարժի անիւն է՝ անիւին, պտուտակներոուն, կապողին, քակողին, ստեղծողին, օթոն նստողին, վարողին, տիրոջը (որ ինք է)...  Եւ այսպէս՝ մինչեւ ձեռքերը սրբելն ու ետ ղեկին առջեւ նստիլը... Հայհոյանքը երբեմն անէծք է՝ չորնաս, սատկիս, շուներուն կեր ըլլաս... երբեմն սպառնալիք՝ ոտքերդ կը կտրեմ, աչքերդ կը փորեմ, քիթէդ-բերնէդ կը հանեմ, կը ճղեմ, գետին կը փռեմ, կը կիւլլեմ (կը գնդակահարեմ), կը սատկեցնեմ...

Հայերէնին ինչ կը պակսի որ...  Մենք ալ հայհոյելու մշակոյթ ունինք:

Օր մը գիւղէ մը կ՛անցնէի. վերը՝ տան մը պատշգամին, մարդիկ նստած էին: Բարեւեցի: Տարեց տանտէրը հարցուց, թէ ով է: Պատասխանեցին: Սկսաւ բղաւել, Ծո ես... սկսաւ տոհմէս, հասաւ հօրս ու մօրս, դաստիարակութեանս, անցած ճամբայիս, երթալիք տեղիս, հանդիպելիք ընտանիքիս եւ … «Ամօթ է, հայրիկ, լռէ»  կը սաստէին ներկաները:  Կը հասկնայի, որ տուն բարձրանալու հրաւէր է: Ելայ: Չափ-չափ համբուրեց, այտերս ճմլեց, կողերս մխտեց, տռտռաց, հայհոյեց մեծ հօրս, իր հօրը, մեր տոհմին, հաւատին, տակին, արմատին...

Ժամանակի եւ սերնդափոխութեան պատճառած հեռացումներուն ցաւն էր, որ կը խօսէր... Աչքերը թաց էին...

Օր մըն ալ Այնճարէն Դանասկոս կը մեկնէի քեռայրիս հետ: Սահմանադուռին առջեւ կը սպասէինք, որ անձնագրային ստուգումները կատարուին: Դիմացի մայթէն մէկը քեռայրս նկատելով՝ Մուսալեռան բարբառով սկսաւ բղաւել ու արձակել հայհոյանքներու երկար շղթան, ալ քեզ Այնճար բերող օթոյին, այդ օթոն քշող վարորդին, քու կերած խմածին, նստած ծառտակին, ջրափին, անցած փողոցին...  Կը սպառնար կիւլլել, Այնճար թաղել...  Քեռայրս կը ծիծաղէր , մինչ ես սկսած էի տագնապիլ: Քեռայրս իջաւ ինքնաշարժէն, մարդը ճեղքեց ինքնաշարժներու խիտ շղթան, եկաւ, պինդ փաթթեց քեռայրս, համբուրեց ու հայհոյեց հաւատին, թուղթին, արմատին-տոհմին... Կարօտի արտայայտութիւն էր… Ու կրկին սպառնալիքներ՝ յաջորդ գալուն լուր չտալու, չհանդիպելու, իր հետ գաւաթ մը չխմելու պարագային…

Ու հիմա ասոնք յիշելով կը կարդամ դիմատետրիս վրայ երեւցող գրառումները… Ընդդիմադիրներ կը հայհոյեն իրարու, Աստուած իմ, ա՛լ ո՛չ սեռ կը հարցնեն, ո՛չ տարիք, ո՛չ ամօթ, ո՛չ պատշաճութիւն… Հայհոյանքներէն անդին ալ ինչ սպառնալիքներ՝ կախաղանի օղակ, ատրճանակ, փամփուշտ, նեմեսիս… Ա՛լ սատկելիք, ասֆալթին փռուելիք, ալ տունով տեղով ոչնչացուելիք...

Ու այս բոլորը ամիսներէ ի վեր, մինչ տակաւին ոչ մէկ փամփուշտ արձակուեցաւ, ոչ մէկ հաշուեյարդար կատարուեցաւ,  ոչ մէկ...

Ու կը մտածեմ, որ ասոնք ալ իմ ճանչցած մարդոցմէ տարբեր չեն, ու օր մը, տեղ մը՝ մեր հաւատին, մեր պատմութեան, մեր ճակատագիրին, մեր աղտոտած լեզուին հայհոյելով պիտի գրկեն զիրար ու լան մեր ցաւին, կորուստներուն ու անճարութեան համար:

Միասնաբար պիտի լան ու մղկտան ամօթէն: