image

Իրանն պիտի շարունակէ իր երկարագնաց ընթացքը.

Իրանն   պիտի շարունակէ իր երկարագնաց ընթացքը.


 Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն  կը կարդանք

 

Ո՞վ կը փորձէ խանգարել Վիենայի բանակցութիւնները։ Երէկ բաւական վտանգաւոր զարգացում մը տեղի կունենար Իրանի մէջ. Մանրամասնութիւններուն մէջ Իրանի «Նաթանզ» կորիզային կեդրոնի աշխատանքները կը խափանուէին ու աւելի ուշ իրանեան մէկէ աւելի հարթակները կը գրէին, որ տեղի ունեցած ելեկտրական հոսանքի ընդհանումի հետեւանքով եղած խափանում մը չէ, այլ կան փաստացի տուեալներ, որ «Նաթանզ» ենթարկուած է համացանցային գրոհի մը։ Նախքան մեկնաբանութիւն մը տալը, պէտք է անպայման նշել, որ այս դէպքէն առաջ մասնաւորապէս «Արաբական ծով»ուն մէջ նոր որակի մը պատերազմի մասին գրած էին նշելով, նաեւ մէկ կողմէ երկու իրանեան նաւերու յարձակման թիրախ դառնալը, որուն ի պատասխան Իրանեան ուժեր գրոհած էին Իսրայէլեան նաւու մը ուղղութեամբ։ Ամէնաուշագրաւն այստեղ այն է, որ երէկուան «յարձակում»ը տեղի կունենար այն պահուն, երբ Վիեննայի մէջ կը կայացուին ԻՐԱՆ-ԱՄՆ բանակցութիւններ, որոնց մասին ալ կըսուի, թէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր կարեւոր ու հիմնարար արդիւնքներ կրնան մէջտեղ գալ։ Հիմա այստեղ աւելի քան պարզ է, որ որուն ձեռնտու էր երէկուան գրոհը եւ ով է այդքան անհանգիստ, իր Թեհրան ի վերջոյ նոր հուն մը մտնէ եւ վերցուին ի վերջոյ ԱՄՆ պատիժները մեր հարեւան Իրանի ուսերէն։ Յառաջիկայ օրերը աւելի քան կարեւոր են, բայց եւ այնպէս բոլոր անոնք, որոնք գրաւներ դրած են Իրանի փլուզման վրայ կը սխալին, որովհետեւ մինչեւ հիմա առանձինն դիմակայած Իրանը պիտի շարունակէ իր ճամբան, ինչքան ալ քարեր նետողներ ըլլան անոր երկարագնաց ընթացքին վրայ։ #ԿարմիրՀրապարակը հեռու չէ #Թեհրանէն