image

Քաթար կը վերադառնայ իր կարեւոր դերին

Քաթար կը վերադառնայ  իր կարեւոր դերին



Սագօ Արեան լրագրողի  էջ-էն  կը  կարդանք 
3 Տարուան ամպարկոյէ ետք Քաթար կը վերադարնայ իր կարեւոր դերին։Եւ այսպէս Սէուտական Արաբիոյ «Ալ Ուլա» քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Արաբական Ծոցի Համագործակցութեան երկիրներու ամէնամեայ նիստին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաթարի Թամիմ իշխանը։ Վաղուայ ժողովը պիտի դառնայ նոր փուլի մը սկիզբը, որուն հեռակայ ուղենիշները կրնան հասնիլ մինչեւ Իսրայէլի հետ բնականոնացման փուլ։ Աւելի քան պարզ է, որ Ալ Ռիատ հակառակ իր գործադրած մեծ ճիգերուն չկարողացաւ «Քաթար»ը ծունկի բերել ու աւելին յստակ է նաեւ, որ Սէուտցիք Թամիմ Իշխանին հետ խօսելով պիտի փորձեն մի քանի առումներով դրական տինամիք քայլեր առնել։ Օրինակի համար վստահիլ Քաթարին լուծելու համար Եէմէնեան խնդիրը (ապահովելով իրենց կռնակը երեք տարուան խայտառակ վիճակէ ետք..) Լեզու գտնել Անգարայի հետ, ու նաեւ լսել Թեհրանի խօսքը ...
Այս բոլորին մէջ մեծ դեր ունեցած է ԱՄՆ նախագահի փեսայ՝ Ճէրիտ Քուշնէր, որ այսպիսով նոր ճանապարհ կը բանայ առաջիկայի իր գործունէութեան։ Այս բոլորէն բացի պարտիմ նաեւ նշել, որ Պարսից Ծոցի խնդիրներուն առընթեր շերտերն այնքան բազմազան են, որ կարելի է իւրաքանչիւր «ճակատ»ի համար երկար գրառում մը կատարել։ Ամէն պարագայի այս բոլորէն անդին, ինչպէս մօտիկ անցեալին ալ ըսած եմ, այսօր եւս կը կրկնեմ,որ Քաթար շատ մեծ եւ կեդրոնական դեր ունի, որուն առաջին նշանները շուտով երեւելի պիտի դառնան։
(Լուսանկարին մէջ ՝Սէուտական Արաբիոյ Մոհամմատ Պըն Սըլման իշխանը եւ Քաթարի առաջնորդ Թամիմ Իշխանը։