image
Հրատապ լուրեր:

Աբօ Աշճեան գլխագիր ղեկավարը

Աբօ Աշճեան  գլխագիր ղեկավարը

 Հրաչ Վարժապետեան կը գրէ

 

Ուղիղ 38 տարի առաջ, չորեքշաբթի 29 Դեկտեմբեր 1982-ին,  Պէյրութի մէջ կ՚առեւանգուէր եւ ապա անյայտ պայմաններու մէջ կը սպաննուէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոլոր ժամանակներու կարկառուն դէմքերէն, Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ մեր յեղափոխական աւանդներու արթուն ու անզուգական պահապանը, Գլխագիր Ղեկավարը, մրրկածին Դրոյի ժառանգորդ բալիկներէն` Աբրահամ Աշճեանը, աւելի հարազատ ըսած` Ընկեր Աբոն:

Թրքական գաղտնի սպասարկութեան` MIT-ի կողմէ առեւանգուեցաւ ան, նոյնիսկ եթէ անարգ դաւադրութեան հեղինակները տեղական վարձկաններ էին։ Անգարա իր այս աքթով յստակօրէն կը հակազդէր թրքական պետութեան դէմ աշխարհով մէկ Դաշնակցութեան շղթայազերծած տասնամեայ զինեալ պայքարին, որուն ռահվիրաներէն էր Ընկ. Աբօ:

Վարձքդ կատար, նահատակ Ընկեր: Յիշատակդ անմար: Լոյս` հոգւոյդ: