image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. Նաթանիահու կը փորձէ «Ժամանակի գործօն»էն օգտուիլ

Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսը. Նաթանիահու կը փորձէ «Ժամանակի գործօն»էն օգտուիլ

Սագօ Արեան

Իսրայէլեան հարուած Սուրիոյ դէմ։ Իսրայէլեան օդուժը այսօր վաղ առաւօտեան հարուածած է Դամասկոսի մերձ գտնուող իրանեան ռազմական կեդրոն մը։ Ըստ «Սքայ նյուզ արապիք»ին (Skynews Arabic), հարուածներուն հետեւանքով զոհուած են 3 անձեր։ Իր կարգին իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավէխայ Ատրոհի յայտարարած է, որ իրենք թիրախաւորած են նաեւ Դամասկոսի օդակայանին մերձ գտնուող գաղտնի կեդրոն մը, որ իրանցի ռազմական գործիչներու համար, որպէս ընդունարան կը ծառայէր։

Անգամ մը եւս ի յայտ կու գայ, որ ներկայ պահու դրութեամբ Իսրայէլի գերագոյն խնդիրն է հարուածել Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան կեդրոններն եւ ռազմական պատասխանատուները։
Ըստ իսրայէլեան մամուլին մասնաւորապէս վերջին օրերուն իրանեան մասնայատուկ ուժեր վերջին օրերուն ականներ կը տեղադրէին Սուրիա- Իրան սահմանային հատուածին վրայ։

Այս հարուածներուն թայմինկը անշուշտ աւելի քան կարեւոր է, եթէ հաշուի առնենք ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը ու նաեւ մօտիկ ապագային Իրանի հանդէպ նախագահ Պայտընի որդեգրելիք քաղաքական մօտեցումները։

Իսրայէլ կը փորձէ «մեռած ժամանակ»ի գործօնէն օգտուիլ ու նոյնիսկ հրահրել, որ Թրամբ Իրանը հարուածելու «նախաձեռնութիւն» վերցնէ, բան մը, որ անիրական մօտեցում է։

Ես չեմ ըսեր, որ Ճօ Պայտըն մեղրով լեցուն կուժ մը պիտի նուիրէ Թեհրանին, բայց եւ այնպէս բացայայտ է, որ պիտի ըլլան խաղի նոր կանոններ։

Այլ խօսք, որ Իրանի դիրքերու թուլացումը Սուրիոյ մէջ, որու սրտով եւ եւ ինչ հեռահար հաշիւներ կը հետապնդէ ..

Միայն նշեմ, որ իմ համեստ կարծիքովս նախգահ Մոսկուա- Դամասկոս լայն տրամագիծի ռազմական համագործակցութիւնը Նախագահ Ասատի համար աւելի քան էական էր ու տակաւին ալ Էական է Թեհրանի հետ քաղաքական-գաղափարական կապուածութիւնը։