image

Բերդ էր Շուշին եւ այսօր այդ բերդը չկայ ...

Բերդ էր Շուշին եւ  այսօր այդ բերդը չկայ ...

Սագօ Արեան  

 

 2016-ի Եռատօնին ես քանի մը օրով մնացի այս հիւրանոցը։ Լրագրողական աշխատանք մը կար, գացի Մարտունի՝ դիրքեր։ Ծանօթացայ, կիսուեցայ, զրուցեցինք։

 Դիրքի ընդհանուր հրամանատարին հետ զրուցեցինք, սրճեցինք, յետոյ նորէն դիրքեր եւն. եւն.։

 Մարտունին բեկում մը մտցուց մէջս, ճիշդ է, որ  դիրքապահի առաջնային կէտէն,երբ կը նայէի հակառակորդի կողմ մէջէս ուժեղ դող մը կ՚անցնէր, բայց այդ առաջին պահէն ետք ամէն ինչ դարձեալ իր հունին մէջ կ՚իյնար։

 Սիրեցի այդ քաղաքը, ոչ միայն անոր համար, որ հոն ամէն քայլափոխի Մոնթէի կրակը կար, այլ նաեւ անոր համար, որ հոն զգացի արցախցիներու ջերմութիւնը եւ սէրը։

Շուշին մեծ վէրք էր ինծի համար. Տխուր ծանր քաղաք էր կարծես, որուն մէջ կային հին պատերազմէն մնացած ուրուականներու եւ ծանր կորուստներու հին տխուր երգեր։

 

Գիշերները հիմակուան պէս կը յիշեմ,երբ անոր թանձր մառախուղին մէջէն կը փնտռէի քանի մը լոյսեր, փակելու լեցուն օրս, հայացքս նետելով Ստեփանակերտէն վերյառնող յոյսին եւ միւս կողմէ ալ Ղարաբաղի անցած արիւնոտ ճանապարհի պատումներուն։

Բերդ էր Շուշին։

Մեր բոլոր ծանր պարտութիւններուն վրայ մեծ իքս մը քաշող քաղաք էր, որուն ամրոցներու տակ, որուն ճամբաներուն վրայ միս ու արիւն պիտի ստանային մեր վաղուան ու նոր գալիքի հերոսները։

Այսօր այդ բերդը չկայ...

 Շատ բան կոտրուած է իմ մէջ, թերեւս այս ծանր օրերու սեւ քամիներուն մէջէն նահատակ դարձած իմ ընկերներուս ձայնը կը սլանայ։

Շատ բան լռած է իմ մէջ, սակայն նոր արշալոյսներու սպասող երազներս տակաւին կապած եմ այդ Շուշեցի պատանիներու խինդ ու ծիծաղին։

 

 Կարծես գէշ երազ մը ըլլայ այս ամէն ինչը եւ ես ձեր հետ կիսեմ մեր ապրած մեծ ողբին ամբողջ պատումը։

 

 Կարծես մեր վրայ թաւալող աշխարհին վերջին խազն ըլլայ ու մենք նորէն ապրինք մղձաւանջէն դուրս նետուելու մեծ հերոսութիւնը։

 Թշնամին կը խօսի խաղաղութեան մասին եւ նոյն ատեն ոտնակոխ կ՚ընէ հազարաւոր Արցախցիներու արիւնով պահուած դրօշն ու յոյսը։

 

 Թշնամին կը խօսէր եօթ շրջաններու մասին եւ այսօր Շուշիի մէջ «էզան» կարդալու խինդով կը չարախնդայ։

 Թող կարդայ «Էզան»ը, ինծի համար նորութիւն մը չէ մոլլային ձայնը, սակայն թող կարդայ իր տան մէջ։

 Իսկ այն, որ թշնամին կ՚ուզէ մեր հետ ապրիլ նոյն հողին վրայ, ապա այդ ալ երազախաբ մարդուն ուղղուած խօսք է, որովհետեւ ան, որ խաղաղութեան կը տենչայ ռազմադաշտէն եւ ռազմէն անդին իր «հարեւան»ին դրօշը գետին չի նետէր։

 Թշնամութեան մէջ անգամ կանոններ կան, ու այնքան ատեն, որ ոսոխը նամարդ է ու նենգ, ոչ ես, ոչ դուն, ոչ ալ մեր որդիները անոր հետ նստելու, համաձայնելու, կամ նոյնիսկ խօսելու իրաւունք ունինք։

 

Հիմա մէկ բան, այս  մեծ լարուածութիւնը  պիտի վերանայ... գացողը պիտի երթայ, եկողը պիտի գայ ... այդ ալ էական չէ արդէն, կարեւորը մեր վաղուան ընելիքն է, որովհետեւ եթէ այսպէս շարունակուի, հեռու չէ այն օրը, որ թշնամին պիտի թակէ մայրաքաղաք Երեւանի դռները։

Մեզի մէկ բան է պէտք հիմա՝ ազգային ծրագիր, որ վեր ըլլայ փոքրիկ անձերու մանր հաշիւներէն ու վեհ ըլլայ, մեզ բոլորս իր տրամաբանութեան ու երազին մէջ ապրեցնելու, որ Շուշին ետ տուն գայ, «Էզան»ը դառնայ աղօթք իսկ ես ու դուն ամուր պահենք հազարաւոր արցախցիներու արիւնով վաստակուած հպարտ ապրելու իրական իրաւունքը։