image

Ազգային բաղնիքի շինութիւն

Ազգային բաղնիքի շինութիւն

Պարտիզակ հասարակաց բաղնետուն չունէր, հակառակ ջուրի ակերու առատութեան։ Զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր ան ուր հասարակաց բաղնետան պէտքը զգացուած չէր։ Այս էր պարագան այդ մասին մեր կողմերու բոլոր հայաբնակ գիւղերու համար։ Իսլամներու համար, սակայն, բաղնետունը պէտք մըն էր, իբր կրօնական կեանքի կապուած հաստատութիւն մը։ Հայերս, մենք, մեր լոգանքի եւ լուացումի պէտքը կը հոգայինք, իւրաքանչիւր ընտանիք իր տանը մէջ՝ փայտէ լոգարաններու մէջ։ Ասով մեր ժողովուրդը կը տուժէր լուացքի եւ մարմինի մաքրութեան իր առողջապահական պէտքին մէջ, խորշելով յաճախ լոգանքի այդ նախանական եւ անպաշտպան կերպէն, մասնաւորապէս ցուրտ օրերուն, քանի որ գոյութիւն չունէին այժմու կանոնաւոր ու պաշտպանուած լոգարանները՝ տուներու մէջ։

Երբ Պարտիզակ նահիէի մը կեդրոնը եղաւ, ունեցաւ միշտ իր մէջ բաւական թուով Թուրք պաշտօնեաներ, որոնց կ՚ընկերանային իրենց ընտանիքները. այս եւ վերեւ յիշուած նկատումներով Պարտիզակի մէջ բաղնետան մը գոյութիւնը պէտք մը դարձաւ եւ Ազգ. Իշխանութիւնը Աղասի էֆ. Փափազեանի ատենապետութեամբ, որոշեց բաղնետուն մը շինել, իբր ժողովրդային պէտք մը եւ նոյն ատեն հասութաբեր կալուած մը՝ Ազգ. Վարժարաններու համար։ Յովակիմեան Սրբազան, Թեմին Առաջնորդը, գնահատեց եւ վաւերացուց Թաղականութեան այդ որոշում եւ իր բոլոր ուժով նուիրուեցաւ անոր կառուցման։

Շինուելիք բաղնետան համար գետիններ գնուեցան գիւղին ստորոտը, Վերի գերեզմանը առաջնորդող ճամփուն եզերքը. բերուեցան բաղնիքի շինութեան մասնագէտ վարպետներ, որոնց գործակցեցան տեղացի որմնադիրներ ու բանուորներ։ Պատրաստուեցան կանխաւ շինութեան նիւթերը եւ սկսաւ Ազգ. բաղնետան կառուցումը։ Շինութեան մատակարարութիւնը եւ հսկողութիւնը յանձնուեցաւ ծանօթ Քիւթներեան Հաճի Արթինի, ու գիւղացին ունեցաւ քիչ ատենէն իր սեփական բաղնետունը։

Բաղնետան շէնքը կոկիկ ու պէտքին յարմար շինուած մըն էր՝ երկու լոգարան-խուցերով, իւրաքանչիւրը ունենալով երկու քուռնաներ՝ տաք ու պաղ ջուրի ծորակներով, Շնչարան մը՝ երկու լոգարաններուն միացեալ տարածութեամբ, միակ քուռնայով մը եւ դուրսը՝ բաղնետան բակին մէջ՝ ընդարձակ սրահ մը, երկու յարկանի, լուացուողներու հանգստեան ու չորացման համար, բազմոցներու շարքերով կահաւորուած։ Այդ սրահին անկիւնը հաստատուած էր պզտիկ պիւֆէ մը, սուրճի ու զովացուցիչներու մատակարարութեան համար յաճախորդներու։ Բաղնետան համար ապահովցուեցաւ նաեւ պէտքին բաւական վազուն ջուր մը ու սկսաւ գործել։

Բաղնետան շահագործումը աճուրդով կը տրուէր վարձակալի մը, տարեկան որոշ գումարի մը փոխարեն, այրերու, կիներու եւ տղոց լուացքին համար Իշխանութեան կողմէն որոշուած սակերուն համաձայն։

ԳՐԻԳՈՐ Յ. ՄԽԱԼԵԱՆ, Պարտիզակն ու պարտիզակցին, Գահիրէ, 1938

 

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան