image

Մենք կորսնցուցինք մեր գիւղին հպարտութիւն պատճառող հարազատ մը, սակայն՝ շահեցանք հերոս մը

Մենք կորսնցուցինք մեր գիւղին հպարտութիւն պատճառող հարազատ մը, սակայն՝ շահեցանք հերոս մը

Նանոր Փանոսեան-Պետրոսեան


Գիւղը տխուր է...

Ամենուրէք կը հնչէ Գէորգի լեռները ցնցող առնական կանչը. «Տլէ եաման»ն ու «Տէր ողորմեայ»ն, «Արծիւ սլացիր»ն ու «Ելիր դաշնակ Դրօ»ն։
Գէորգը երգեց որպէս աշակերտ «Տիգրանեան» սրահէն, որպէս դպիր՝ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ խորանէն, որպէս հայրենասէր ու դաշնակցական պատանի եւ ԼԵՄական ՝ Այնճարի պարտէզներէն, որպէս վանական, երգեց Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքէն, երգեց որպէս ուսուցիչ Քուէյթի հայ դպրոցէն եւ վերջապէս երգեց հայրենիքէն՝ որպէս հայ երգի հմուտ մեկնաբան։

Սակայն, իր կարապի կանչը վերջին, արձակեց Արցախի բարձունքներէն…

Այդ կանչը հնչեց ազատ, հնչեց հարազատ ու ամուր։

Ան հաւատաց իր կանչին, հաւատաց իր երգած իւրաքանչիւր տողին ու սիրայօժար մահն աչքերուն կռուելով ՝ չերազեց ո՛չ աթոռ, եւ ո՛չ գանձ… սրբազան հայրենիքը իր կեանքէն վեր դասած ՝ ինկաւ հերոսաբար… որ Թաթուլն ապրի ազատ իր հայրենի հողին վրայ։

Այսօր, մենք կորսնցուցինք մեր գիւղին հպարտութիւն պատճառող հարազատ մը, սակայն՝ շահեցանք հերոս մը։

Կորուստը մեծ է, իսկ հպարտութիւնը՝ աննկարագրելի։

Մեր հերոսական ժողովուրդի արիւնը շաղախուեցաւ Արցախի հողին, ուրկէ պիտի ծլին կարմիր կակաչներ ու լուսաւորեն նորահաս սերունդի դալար ճանապարհներ։

Սիրելի Գէորգ,  կը զգանք քու բացակայութիւնդ ու կը սգանք խոր կսկիծով։

Փետրուարեան ապստամբութեան, Արցախեան պահանջատիրութեան եւ Խաչվերացի տօնին ո՞ վ պիտի թնդացնէ բեմը իր հայրենասիրական ապրումներով… ընկերական մտերմիկ հաւաքներուն ո՞վ պիտի արձակէ իր առինքնող ձայնը ու գգուէ ընկերներու հոգիներուն թաքուն ծալքերը…

Ա՛լ պիտի չըսենք «Ձայնդ անսպառ».

Ափսո՛ս Գէորգ…
ձայնդ սպառեցաւ։

Հողը թեթեւ գայ վրադ հերոս ընկեր ։