image

Ինչո՞ւ թշնամին հարուածեց Ղազանչեցոցը

Ինչո՞ւ թշնամին հարուածեց Ղազանչեցոցը

 

Սագօ Արեան 

Ղազանչեցոց. Ինչո՞ւ զարկին. Զարկին որովհետեւ տկար են հոգիով, զարկին որովհետեւ դատապարտուած են պարտութեան, զարկին, որովհետեւ նպատակ ունին արաբական եւ իսլամական աշխարհին ցոյց տալ, որ իրենք պատերազմ կը մղեն քրիստոնեաներու դէմ, զարկին, որովհետեւ սպառած են, եւ զարկին նպատակ ունենալով մարդասէր եւ հիւրընկալ Արցախը ներկայացնել, որպէս ճիհատի երկիր։

Ինչ ալ ըլլան միջոցները, երէկ , այսօր եւ վաղը պիտի չկարողանան ինքնորոշման իրաւունքի եւ ազատութեան համար եղած Արցախցիի պայքարը ներկայացնել, որպէս իսլամ-քրիստոնեայ պայքար։ Իսլամները մեր դարաւաոր բարեկամներն են ու արաբները մեր իրական եղբայրները։
Պատմութիւնը այդ կը վկայէ, այդ մասին կը վկայէ նաեւ Արաբական Ծոցէն մինչեւ Պէյրութի եւ Դամասկոսի, Գահիրէի, Ամմանի, Հալէպի եւ Աղէքսանտրայի մեր հայ եղբայրները, որոնք երէկ այսօր եւ վաղը համերաշխ եւ սիրով կ՚ապրին, իրենց իսլամ-արաբ եւ քրիստոնեայ արաբ եղբայրներուն հետ։
Մեր պայքարը արդար է եւ յաղթանակը միշտ արդարներուն կողմն է։
#Արաբախօս ընկերներէս պիտի խնդրեմ առաւելագոյնը տարածել այս գրառումը։ #Կարեւոր է։