image
Հրատապ լուրեր:

Բողոքի հաւաք, ցոյց եւ ...բախումներ

Բողոքի հաւաք,  ցոյց եւ  ...բախումներ

 Սագօ  Արեան

 

 Լիբանանի Պաապտայի նախագահական պալատ տանող ճանապարհներուն վրայ բողոքի հաւաքները բախումներու վերածուեցան։ Անցնող երկու օրերուն քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ, որոնք ծրագրած էին այսօր Պաապտայի պալատ բարձրանալ եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել չկարողացան պալատ հասնիլ։ Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժեր, որոնց համար էականը ապահովական իրավիճակի վերհսկողութիւնն էր փակեցին պալատ տանող ճանապարհները։

 Բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ եղան բախումներ եւ ըստ կարգ մը ցուցարարներու բանակը կրակ բացաւ (օդը կրակելով) անոնց ուղղութեամբ։

 

 Նշեմ նաեւ, որ այս ցոյցերուն զուգահեռ նախագահ Աունի համակիրները նոյնպէս փողոց իջած էին եւ հասած Պաապտայի նախագահական պալատին մերձ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու երկրի նախագահին։

 Աունի հետեւորդներուն կարծիքով ցուցարարներուն մօտեցումները անարդար է, որովհետեւ ընդունելի չէ երկրին մէջ առկայ ծանր վիճակին ամբողջ պատասխանատւութիւնը բեռցնել նախագահին վրայ։

 Ամէն պարագայի ստեղծուած պատկերն բաւական մտահոգիչ է, որովհետեւ ըստ իրենց սովորութեան այս ցուցարարները, որ իբրեւ թէ Լիբանանի «լաւը կ՚ուզեն» իրենց անիմաստ եւ անպատասխանատու քայլերով կը ստեղծեն նոյնքան անիմաստ, անհամ եւ ոչ մէկ լուծումի տանող վիճակներ։

 Ճիշդ է, որ երկիրը դժուար վիճակի մը մէջ է, սակայն սխալ է, (մանաւանդ քրիստոնեաներուն համար այդ սխալը վնասակար է) եղած վիճակի ամբողջ բեռը դնել մէկ կողմի վրայ, որն այսօր քրիստոնէական փողոցի քաղաքական գլխաւոր ուժն է։

 Կազմաքանդելը, անուանարկելը եւ Լիբանանի նախագահի վարկին հետ խաղալը ոչ մէկ օգուտ ունին, իսկ նախագահին իր պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտէն առաջ իշխանութենէն հեռանալը անհնար ու անընդունելի է նոյնիսկ անոնց համար, որոնք նախագահ Աունի քաղաքական հակառակորդներն են։

 Կ՚ուզեն եւ կը պահանջեն՝ ժողովրդավարութիւն, արտահերթ ընտրութիւններ եւ իշխանափոխութիւն...

 Բայց այս քայլերը հոն չեն տանիր, որովհետեւ համայնքային դրութիւն ըսուած հրէշը կայ, որ ամէն քայլափոխի կրնայ իր գլուխը բարձրացնել եւ թիրախ դարձնել այն կողմը, որ ինչ որ դրական փոփոխութեան կը տենչայ։

 

 Աս ցուցարարները տակաւին չսորվեցան այս բոլորը, կամ երեւի թէ զիրենք փողոց հանողները, ուրիշ միաւորներ հաւաքելու գործի են։

 Ապսո՜ւրտ...