image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի Մերձաւոր Արեւելեան ամենակարեւոր դարպասներէն մին...

Լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի Մերձաւոր Արեւելեան ամենակարեւոր դարպասներէն մին...

Սագօ Արեան

 

Ամէն անգամ, որ ծանր տագնապէ մը կ՚անցնինք, յատկապէս այս տարածքին վրայ, շատեր կը փորձեն դասեր տալ, ուրիշները մեղադրել եւ ներկայանալ իբրեւ «փրկիչներ»։ Օրեր առաջ ալ գրած էի այս մասին յետոյ տարբեր հանգամանքներու բերումով գրառումը հանեցի։
Հիմա երբ լիբանանահայութիւնը յայտնուած է մահ ու կենաց վիճակի մը առջեւ, որոշ կողմեր կը փորձեն հայրենադարձութեան թեման շահարկել ... Պահու մը, երբ մեր հայրենակիցները կարիք ունինն առնուազն բարոյական նեցուկն, մենք ելած ենք իրենց ըսելու ձգեցէք ամէն ինչ եւ Հայաստան եկէք ...
Եթէ իրողապէս մինչեւ հիմա (այս տաս-քսան տարին) լուրջ բան մը ըրած ըլլային (խօսքս բոլորին է, իբրեւ պետութիւն, իշխանութիւններ եւ հզօր հնարաւորութիւն ունեցող կառոյցներ) այդ հայրենադարձութիւնը արդէն ճամբայ ելած կ՚ըլլլար ու մեզմէ ոմանք կարիք չէին ունենար իրենց սին երգերը երգելու ...
Իսկ հիմա երբ սեղանի վրայ, ոչ ալ մեր մտքերուն մէջ հայրենադարձութեան կապուած ոչ մէկ լուրջ ծրագիր կայ, մեր ըրածը անիմաստ պոռոտախօսութիւն է եւ նոյնիսկ վիրաւորական անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց օճախը, տունը, խանութը, դպրոցը, աշխատանքի վայրը...

Կայ նաեւ Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատարմութեան հարցը, որուն հիմնական իմաստը այդ երկրին կառչած մնալու հաւատամքն է։ Այո ազատ են անոնք, որոնք կ՚ուզեն դուրս գալ Լիբանանէն, բայց այդ մէկը հաւաքաբար ընելու, հաւաքաբար արտայայտելու փորձութիւնը մեզ կը դարձնէ անդէմ եւ անհեռանկար հաւաքականութեան մը մասնիկը։
Պէյրութի մեր համայնքի ղեկավարութիւնն ալ կը շարժի այս մօտեցումով, ու վստահաբար ճիշդ է, որովհետեւ մեր լիբանանցիներուն առջեւ մենք իրաւունք չունինք այլ ցեղերու նման դասալիքի կերպար ստանալ։

 
Այո սիրելիներս Լիբանանը միայն հանգիստ օրերու համար «հոթէլ» մը չէ, զբօսավայր մը չէ, ամառանոց մը չէ, այլ է նաեւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ... վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, մենք այնքան յիշատակ ու կորիզ ունինք այդ երկրին մէջ, ինչքան ունինք նաեւ Հայաստանի մէջ։ Եւ մէկը միւսին, երբեք պիտի չխանգարէ, մէկը միւսին երբեք պիտի չստորադասէ ...
Լիբանանը, ամբողջ սփիւռքի հայութեան մեծ «տինամոն»ն է, երազի եւ գործի իրական ճամբարը, ուր սերունդներ հասակ առին արեւմտահայաստանի մեծ երազով ու այդ երազէն մաս մըն ալ իրենց արիւնով կերտեցին այսօրուան Հայաստանին մէջ ...
Քիչ էին այո, քիչ էին, բայց որակ բերին ու միշտ քիչերն են, որ օրհասի պահուն ճանապարհ կը բանան...

 
Այս բոլորը գրեցի քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի այսօրուան համայնքը (ուզենք կամ ոչ) կրնայ նօսրանալ, բայց եւ այնպէս Լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի Մերձաւոր Արեւելեան ամենակարեւոր դարպասներէն մին, ինչ ալ ըլլան պայմանները, եւ ինչքան մեծ ըլլան դժուարութիւնները ...


Ատոր համար ալ, եթէ իրապէս հայրենադարձութեան մասին մտածողներ կան, գրելէ անդին երթալով թող սեղանին լուրջ ծրագիրներ դնեն, որպէս այն հայրենակիցները, որոնք վճռած են Պէյրութը լքել, Լոս կամ Մոնթրէալ ու Թորոնթո երթալու փոխարէն Երեւան գան ...


Այլապէս նոյն պատկերը պիտի կրկնուի, ինչ որ եղաւ իրաքահայերու ու աւելի ուշ ալ սուրիահայերու պարագային..։