image

Օժանդակութիւն փութացուցին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառը

Օժանդակութիւն փութացուցին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառը

Արա Սանճեան


ՅԻՇԵԼՈՎ COMARES-Ը

Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս աղետաբեր պայթիւնէն ետք, սփիւռքի այլազան կեդրոններէն անհատներ եւ կազմակերպութիւններ՝ անջատ-անջատ լիբանանահայութեան օժանդակելու համար դրամահաւաքի տարբեր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան։ Արդէն անոնց թիւը կորսնցուցի ու քիչ մնաց, որ ես ալ գայթակղէի ու նման անջատ նախաձեռնութեան մը ես ալ ձեռնարկէի։

Առաջին անգամը չէ, որ լիբանանահայութիւնը վերականգնումի նման մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ։ Հասակակիցներս ու մեզմէ աւագները չեն կրնար չյիշել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այլազան դրուագներէն «Հարիւր օրերու պատերազմը» 1978 թուականի Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն, երբ սուրիական բանակի եւ լիբանանցի քրիստոնեայ աջակողմեան զինեալներու միջեւ երկարատեւ փոխադարձ ծանր ռմբակոծութեան հետեւանքով մեծ վնասներ կրեցին հայաբնակ շատ թաղամասեր։ Զինադուլ հազիւ հաստատուած ու մարդիկ իրենց ապաստանարաններէն հազիւ դուրս եկած, ստեղծուեցաւ Լիբանանահայ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինը, աւելի ծանօթ՝ իր օտարալեզու յապաւումով՝ COMARES։ Մէկ նպատակի շուրջ եւ մէկ երդիկի տակ հաւաքուեցան հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերը, հայ երեք կուսակցութիւններուն ու Բարեգործականի ներկայացուցիչները։ Նոյնիսկ լիբանանահայ համայնավարներն այնտեղ էին՝ առանց որ իրենց կազմակերպութեան անունը պաշտօնապէս նշուէր յայտարարութիւններուն մէջ։
Օժանդակութիւն փութացուցին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառը։ Ես այդ ժամանակ հինգերորդ դասարանի աշակերտ էի։ Իմ դպրոցս ալ՝ միւս հայ դպրոցներուն նման, ստացաւ օժանդակութեան իր բաժինը։ Ես ալ՝ հայ վարժարաններ յաճախող միւս բոլոր աշակերտներուն պէս, ստացայ օժանդակութեան իմ բաժինս։ Դեռ կը յիշեմ. Հայաստանէն՝ թուզի jam (ջեմ), որ առաջին անգամ ճաշակեցի, ինչպէս նաեւ՝ խտացուած կաթ, մատիտ, տետրեր, թերեւս նաեւ՝ ուրիշ բաներ, որ մոռցած կրնամ ըլլալ։
COMARES-ը երկար կեանք չունեցաւ։ Կատարեց իր անմիջական պարտականութիւնը ու յետոյ կազմալուծուեցաւ։
Ինչո՞ւ հիմա չկրկնել նոյն փորձը։

Դեռ COMARES-ի աշխատանքներուն մասնակցած երէց հայրենակիցներ ունինք, որ մեզի հետ են։