Օժանդակութիւն փութացուցին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառը

09 Օգոստոս 2020 , 10:36
Արա Սանճեան
ՅԻՇԵԼՈՎ COMARES-Ը
Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս աղետաբեր պայթիւնէն ետք, սփիւռքի այլազան կեդրոններէն անհատներ եւ կազմակերպութիւններ՝ անջատ-անջատ լիբանանահայութեան օժանդակելու համար դրամահաւաքի տարբեր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան։ Արդէն անոնց թիւը կորսնցուցի ու քիչ մնաց, որ ես ալ գայթակղէի ու նման անջատ նախաձեռնութեան մը ես ալ ձեռնարկէի։
Առաջին անգամը չէ, որ լիբանանահայութիւնը վերականգնումի նման մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ։ Հասակակիցներս ու մեզմէ աւագները չեն կրնար չյիշել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այլազան դրուագներէն «Հարիւր օրերու պատերազմը» 1978 թուականի Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն, երբ սուրիական բանակի եւ լիբանանցի քրիստոնեայ աջակողմեան զինեալներու միջեւ երկարատեւ փոխադարձ ծանր ռմբակոծութեան հետեւանքով մեծ վնասներ կրեցին հայաբնակ շատ թաղամասեր։ Զինադուլ հազիւ հաստատուած ու մարդիկ իրենց ապաստանարաններէն հազիւ դուրս եկած, ստեղծուեցաւ Լիբանանահայ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինը, աւելի ծանօթ՝ իր օտարալեզու յապաւումով՝ COMARES։ Մէկ նպատակի շուրջ եւ մէկ երդիկի տակ հաւաքուեցան հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերը, հայ երեք կուսակցութիւններուն ու Բարեգործականի ներկայացուցիչները։ Նոյնիսկ լիբանանահայ համայնավարներն այնտեղ էին՝ առանց որ իրենց կազմակերպութեան անունը պաշտօնապէս նշուէր յայտարարութիւններուն մէջ։
Օժանդակութիւն փութացուցին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնն ու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառը։ Ես այդ ժամանակ հինգերորդ դասարանի աշակերտ էի։ Իմ դպրոցս ալ՝ միւս հայ դպրոցներուն նման, ստացաւ օժանդակութեան իր բաժինը։ Ես ալ՝ հայ վարժարաններ յաճախող միւս բոլոր աշակերտներուն պէս, ստացայ օժանդակութեան իմ բաժինս։ Դեռ կը յիշեմ. Հայաստանէն՝ թուզի jam (ջեմ), որ առաջին անգամ ճաշակեցի, ինչպէս նաեւ՝ խտացուած կաթ, մատիտ, տետրեր, թերեւս նաեւ՝ ուրիշ բաներ, որ մոռցած կրնամ ըլլալ։
COMARES-ը երկար կեանք չունեցաւ։ Կատարեց իր անմիջական պարտականութիւնը ու յետոյ կազմալուծուեցաւ։
Ինչո՞ւ հիմա չկրկնել նոյն փորձը։
Դեռ COMARES-ի աշխատանքներուն մասնակցած երէց հայրենակիցներ ունինք, որ մեզի հետ են։
Լրահոս
Խապրիկ

2021-01-19 - Ջերմուկի մերձ երկրաշարժ գրանցուած է


2021-01-19 - Ընտրութիններու յետաձգումը Փաշինեանի յօգուտ չէ

2021-01-19 - Արցախցիք փակած են Դրմբոն գիւղի ճամբան (Տեսանիւթ)
Լուսանկար եւ պատմութիւն

2020-08-08 - Հայ պատմաբանը՝ Պէյրութի աւերակներուն մէջ

2020-05-24 - Վարդան Մամիկոնեանի յայտնի նկարի պատմութիւնը

2020-05-11 - Օշարակ վաճառողը` Խարբերդէն. 1910 թ.

2020-04-29 - Հայ կանանց «ազգային» դիմակները՝ անկախ համաճարակներէն

Ի՞նչ Գրեցին

2021-01-17 - Դէպի Լիբանան «Քորոնա»ի պատուաստները՝ Փետրուարին

2021-01-05 - Քաթար կը վերադառնայ իր կարեւոր դերին

2020-12-30 - «Պանք ալ ահտաֆ»ի դիմաց ՝ «խելացի հրթիռներ»

2020-12-29 - Աբօ Աշճեան գլխագիր ղեկավարը
Ամենաընթերցուած
Օրվա
Շաբաթվա
Ամսվա

2021-01-19 - Արուեստի հանրայայտ գործիչ՝ Վիգէն Ստեփանեան ոչ եւս է

2021-01-19 - Ննջիր խաղաղութեան մէջ, Ախբարիկ

2021-01-15 - Պէյրութի մէջ. «Քորոնա»ի հետեւանքով 2 երիտասարդ զոհեր

2021-01-16 - Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

2021-01-12 - Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

2021-01-13 - Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը հիւանդանոցային բուժման տակ

2021-01-07 - Հալէպ ծնած Կարօն՝ հայրենիքի նահատակ
