image
Հրատապ լուրեր:

Ցաւի ու նեղութեանց ալիքները շրջապատած են մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեղ. Արամ Ա.

Ցաւի ու նեղութեանց ալիքները շրջապատած են մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեղ. Արամ Ա.
Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Լսէ՜ մեր աղօթքն ու աղաչանքը ո՜վ Տէր, ցաւի ու նեղութեանց ալիքները շրջապատած են մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեղ: Ահաւոր դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Դուն ո՜վ Տէր, որ արդար ես եւ բարեգութ, սիրող եւ խնամող Հայր եւ չես լքեր անոնք, որոնք Քեզի կը դիմեն հաւատքով եւ յոյսով: Դո՛ւն ես մեր լոյսն ու փրկութիւնը որմէ՞ պիտի վախնանք. Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու ապաւէնը որմէ՞ պիտի դողանք: Կարկառէ ո՜վ Տէր Քու սուրբ ձեռքդ եւ մենք պիտի վերականգնինք. հպի՛ր Քու սուրբ աջովդ եւ մենք պիտի ապաքինինք: