image

Փակենք բնիկ-ի աս թեման. Ամօթ է

Փակենք բնիկ-ի աս թեման. Ամօթ է

Սագօ Արեան կը գրէ.-

 

Փակենք բնիկ-ի աս թեման. Ամօթ է

Վստահ եմ, որ Երեւանի մէջ գոյքահարկի աս պատմութենէն վրդոդված շատ յարգելի անձնաւորութիւնները (որոնց մէջ ունիմ բացառիկ ընկերներ) երբեք ալ պիտի չկամենային, որ այս թեման այսպէս ճանապարհ երթայ։
Ժողովուրդ դուք կը հասկնա՞ք ինչի մասին է խօսք.
Ինչ կը նշանակէ բնիկ ժողովուրդի մը զաւակին, որուն պապերը հինգ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ Վանէն անցած են Ուրֆա, հոն տուն-տեղ եղած, երթիք կապած ու արիշ հասցուցած։
Ինչ ըսել է բնիկ մէկու մը, որուն մեծ մեծ հօր հայրը ոտքով հատած է Եփրատի ջուրերը (որ կ՚ըսուի թէ մահացութիւններէն կարմիր ալ դարձած էր) եւ շնորհիւ լաւ քրտերէն իմանալու ապահով կէս-կեանք կէս-մահ վիճակով հասեր է Ճարապլուս, հոն նստած ծառի մը տակ եւ ապրած ողջ ողբերգութիւնը մէկդի նետելով մտածեր է, որ չպէտք է պարտուիլ կեանքէն ու պէտք է պայքար մինչեւ վերջ...
Ինչ ըսել է բնիկ մէկու մը, որուն նախահայրերը ապրած ու կերտած են կեանք ու մշակոյթ ժամանակի մը մէջ, երբ Երեւան քաղաք հասկացողութիւնը ոչ իսկ կար օդին կամ հայու երեւակայութեան մէջ...
Ինչ ըսել է բնիկ, մէկու մը համար, որուն մեծ հայրը խանձարուրէն մինչեւ Պէյրութ քաղաքի կեդրոնական հրապարակները, իր ընկալումներուն մէջ միշտ ալ ունեցած է Մեծ Հայաստանի մը մէջ ապրելու տեսլականը։

Ինչ կը նշանակէ բնիկ, մէկու մը համար, որ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Զանգելան, Շուշի եւ Ստեփանակերտ վարուած ու ապրած է մէկ հողի, մէկ երակի, մէկ արեան մէջէն անցնող ու մաքառող մարտիկներու աւիշով։

Ձեր արեան հարցուցած է՞ք, թէ իրաւամբ բնիկ արիւն է, տեղացի արիւն է, եկուո՞ր է արդեօք, կամ կայ ի բնէ, սկիզբէն, աստղերու եւ հողմերու ժամանակէն ու այն ատենէն երբ մեր արտերու ոսկի ցորեաններուն մէջ գինիի տեղ արիւն կը լեցուէր ...
Հարցուցէ՚ք մէյ մը, որ այս կապոյտին տակ ապրող, իր թոքերը լայն բացող եւ Աստծոյ լոյսը փառաւորող որ մարդը բնիկ է, որը ոչ։

Ամօթ է իրապէս. Ժամանակի մը, երբ բոլոր տեղայնական վարագոյրները եւ պատնէշները կ՚իյնան մենք ելեր ենք մութը ցրող աշտանակը վար կ՚առնենք։
Մենք բոլորս բնիկ ենք, ու այդ ամէնինչը տարիներու, թիւերու, արմատներու, եւ ժամանակի կշիռով չէ որ պիտի չափուի։
Այդ բնիկ ըլլալը զգացողութիւնէն աւելի պատկանիլ է, հաւատալ է, մնալ է, հողին հետ կիսել է, հողին համար խօսիլ է, պայքարիլ է ...

Ամօթ է թարկէք.