image

Պէյրութը կ՚ընկղմի՞

Պէյրութը կ՚ընկղմի՞

Սագօ Արեան կը գրէ.

 

Քիչ առաջ Պէյրութէն ստացած լուրերս կը յուշեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի սիրտ եւ կեդրոն համարուող մայրաքաղաքը դանդաղ քայլերով կը մօտենայ համընդհանուր «Լոք տաուն» իրավիճակին։

«Լոք տաուն»ը պայմանաւորուած չէ «Քորոնա» վարակի «պարտադրած» իրավիճակով, այլ կապուած է տնտեսական ամեհի եւ բոլոր «կարմիր գիծերը» հատող զարգացումներուն հետ։
Այդ զարգացումներուն ամէնէն առանցքայինն անշուշտ ամերիկեան տոլարի աներեւակայելի (շրջանի մը համար այո աներեւակայելի էր, որ Լիբանանի մէջ տոլարը կրնայ հատել 3000 լիբանանեան ոսկիի սահմանները) մագլցումը, երբ միայն երէկ տոլարի սակը կ՚անցնէր 7000 ոսկիի սահմանը։
Տոլարի այս սղաճը իր արագ եւ աւերիչ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրի ամենատարբեր ոլորտներուն վրայ ու շատ հաւանական է, որ քաղաքացիները անգամ մը եւս (եւ այս անգամ անկասելի եւ նոյնիսկ անկարավառելի) բողոքի ալիքի մը, որուն ընթացքին կրնան տեղի ունենալ համայնքային բնոյթի առճակատումներ։

Միւս կողմէ այս պատկերին դիմաց երկրի քաղաքական մարմինները, որոնք գրեթէ անզօր են ազդելու երկրին մէջ
Ընթացող զարգացումներուն կը շարունակեն խրատատուի ճապաղ դերով հանդէս գալ, լաւ իմանալով, որ այնքան ժամանակ, որ չեն կրնար կասեցնել երկրի արժեդրոյթին արժէզրկումը, անոնց կողմէ հնչած կամ հնչող ցանկացած խօսք պիտի համարուի անհեթեթութիւն։

Անցեալ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ սկիզբ առած տնտեսական-ընկերային «պայքար»ը մտած է բաւական մտահոգիչ փուլ ու աւելի քան յստակ է, որ այս խաղին ետին կանգնած ուժերը առանց վարանելու, առանց բարոյականութեան եւ առանց խիղճի կը միտին Լիբանանը «այրել» մէկ կողմէ տոլարի լափլիզող հրդեհներուն եւ միւս կողմէ աղբին մէջէն իրենց սեւ հացը փնտռել ու գտնել փորձող արդէն իսկ սոված փորեր ունեցող շուարած ու շփոթահար քաղաքացիներուն միջեւ։
Այդ քաղաքացիները եւ հասարակութիւնը ապահովաբար լարուած ուժանակներ են Լիբանանը իրողապէս այրել ցանկացողներուն համար, որոնք կը փորձեն ամէն գնով միաւորներ կուտակել Իրան-Միացեալ Նահանգներ մինչեւ հիմա տարուող մեծ պայքարի ուղղին վրայ։
Լիբանանը դարձած է մեծ պատանդ, իսկ լիբանանցիներու կարեւոր տոկոս մը յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ ինկած եւ անձնասպանութեան քայլերու նետուող «յեղափոխականներ»։
Այս ալ Լիբանանի յեղափոխութեան մասին, որուն համար երկար ժամանակէ ի վեր պարարտ հող կը պատրաստուէր եւ որուն դահիճները նոյնքան ալ ներսէն են, ինչքան Միջերկրականի ջուրերէն հեռու գտնուող «հոգատար» երկիրներէն։