image

Ցաւօք... Պէյրութը քայլ առ քայլ դէպի քաո՞ս

Ցաւօք... Պէյրութը քայլ առ քայլ դէպի քաո՞ս

 

Սագօ  Արեան 

 

Երկրորդ օրն ըլլալով Պէյրութը լարուած է։ Այս պահուն հարիւրաւոր «աննպատակ» ցուցարաներ քարեր կը տեղացնեն ապահովական ուժերու ներկայացուցիչներուն ուղղութեամբ, երթեւեկութեան սիւներ կը կոտրեն, դրամատան փեղկեր կը ջարդեն ու նաեւ մեծ հրդեհի մը պատճառ դարձած են։
Ցոյցի այս նոր ալիքը, որ ընթացք առաւ անցնող 6 յունիսին կը կատարուի լիբանանեան լիրայի արագ գահավիճումին զուգահեռ եւ երկրին մէջ տնտեսական բարդ վիճակէն անդին անօթութեան եւ աղքատութեան մեծ ուրուականին տարածումին հետ։

Ի դէպ անցնող ժամերուն Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլարը կը շրջանառուէր մինչեւ վեց հազար դրամի, մինչեւ կեդրոնական դրամատունն ու կառավարութիւնը ըստ երեւոյթին դարձած են անզօր այս իրավիճակը վերահսկելու առընթեր։

Ի դէպ եթէ պահ մը առիթ ըլլայ եւ այս ցուցարարներուն հարց տանք, թէ ինչ է իրենց ուզածը իրենք եւս լուր ու անխօս երեսիդ պիտի նային եւ անորոշութիւնէն պիտի խոյս տան ...

Յստակ է, որ անցեալ հոկտեմբերին հրապարակուած հանուած «տնտեսական պատերազմ»ի ու նաեւ համընդհանուր քաոսի ծրագիրը ամէն ռոպէ աւելիով կ՚ուռճանայ ու շատ սպասելի է, որ շրջանային խաղացողներէն իւրաքանչիւրը ընդհուպ մինչեւ Թուրքիան այս վիճակէն օգտուելով փորձեն իրենց «բայը» ստանալ։
Նպատակը շատ յայտնի է եւ բոլոր ալիքները ցոյց կուտան, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող բաւական վտանգաւոր զարգացումները մաս կը կազմեն Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակամարտութեան եւ ըստ երեւոյթին այս երկու ուժերուն համար աւելի ձեռնտու է նման «բրոքսի» պատերազմներով նոր հրավառութիւններ եւ ուժի ցուցադրութիւն կատարել Մերձաւոր Արեւելքին մէջ։
Մեղք Լիբանանին, որ երբեմնի Մերձաւոր Արեւելքի Զուիցերիան էր ու ազատութեան, բարօրութեան եւ մտքի ու գաղափարի առաջատար երկիրը։
Շատ ափսո՜ս...