image
Հրատապ լուրեր:

Այն մասին, թէ ինչպէս Քիմ Քարտաշեանը սատարեց Հայ Դատի Թելեթոնին. Կը պատմէ ՝Վիգէն Յովսէփեանը

Այն մասին, թէ  ինչպէս  Քիմ  Քարտաշեանը  սատարեց Հայ Դատի Թելեթոնին. Կը  պատմէ  ՝Վիգէն   Յովսէփեանը

 

 Ամերիկահայ   Ազգային-քաղաքական գործիչ  ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

 

Ձեր հետ պիտի բաժնեմ պատմական դրուագ մը մեր իրականութենէն առնուած:

 

2012-ի Մայիսին պիտի կայանար Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի 3-րդ Թելեթոնը: Առաջին երկուքը տեղի ունեցած էին 2006-ին և 2009-ին: Համաշխարհային տնտեսութիւնը նոր սկսած էր դուրս գալ իր տագնապալի վիճակէն, և մեր մօտ մտահոգութիւն կար թէ հանգանակութեան արդիւնքները մեր ակնկալութեան կրնան չի համապատասխանել:

 

Ժողովներէն մէկուն ընթացքին, առաջարկ եղաւ գտնել ու համոզել հանրածանօթ հայ մը որ կրնար զօրակցիլ մեր Թելեթոնին, և այդպիսով աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծել մեր միջոցառման շուրջ: Երիտասարդներէն մէկ-երկուքը կ‘առաջարկէին որ ճիգ մը ընենք Քիմ Քարտաշեան անունով հանրայայտ դարձած հայուհիին մօտ, բայց ամէնքով նաև կ‘անդրադառնայինք որ ան նախապէս հայութեան երբէք չէր մօտեցած, ոչ ալ հայկական որևէ դատի կամ միջոցառման զօրավիգ կանքնած: Միակ բանը որ գիտէինք, այն էր թէ հարցազրոյցներու ընթացքին ան նշում կատարած էր իր հայ ըլլալուն մասին, և խօսած էր իր հօրը հայկական արմատներուն մասին:

Յաջորդ օրն իսկ աշխատանք մը ծայր առաւ Քիմի ներկայացուցիչներուն դիմելու: Հանդիպումի մը ընթացքին բացատրուեցաւ Հայ Դատի մասին, Հայ Դատի Յանձնախումբի մասին, և թելեթոնի հետ կապուած ակնկալութիւններու մասին:

 

Եւ ահա, եկաւ սպասուած պատասխանը, թէ Քիմը ընդունած է մեր առաջարկը, և պատրաստ է 1-2 րոպէներու սահմաններու մէջ յղել զօրակցական յայտարարութիւն մը վիտէօ-քլիփի ճամբով: Կ‘առաջարկէին Քիմին տրամադրել այն ինչ պիտի ուզէինք որ ինք արտասանէ:

 

Շատ արագ, ուղղարկեցինք գրութիւնը: Օրերը կ‘անցնէին, և Քիմենց կողմէ լուր չկար: Վերջապէս, Թելեթոնէն մի քանի օր առաջ մեզի հասաւ քլիփը, այն պայմանով թէ ան չի տարածենք, և թէ ան կրնանք ցուցադրել միայն Թելեթոնի ընթացքին: Փոխարէնը, կը խոստանար Թելեթոնի օրը, կէսօրուան ժամը 12-ին գրառում մը ընել Ֆէյսպուքով, ու յորդորել իր 100 միլիոնէ աւելի հաշուող հետեւորդներուն զօրակցիլ Հայ Դատին: Մեր այն հարցումին թէ արդէօք Քիմը ինքն ալ պիտի նուիրաբերէ ՞ հանգանակութեան, մեզի պատասխանուեցաւ «չափը չ‘անցնել» և բաւարարուիլ այն ինչով որ Քիմը յօժարած էր աջակցիլ:

 

Թելեթոնի Կիրակի օրը, երբ վերջին վայրկեաններու թոհուփոհի մէջ էինք ու կը պատրաստուէինք ուղիղ եթեր գալ, մեզ մօտ վազեց վաղամերիկ մեր երիտասարդ ընկեր Ալէն Եքիկեանը (որ կարգուած էր համակարգիչներու պատասխանատու), որ իրեն համար անսովոր իրար-անցումով մը տեղեկացուց թէ hackerներ յաջողած են Հայ Դատի կայքը անդամալուծել: Այս կը նշանակեր թէ մինչև որ հարցին լուծում չի տրուէր, որևէ online նուիրատւութիւն կարելի չէր ստանալ: Խուճապը մեծ էր, որովհետև ամէնքս ալ համոզուած էինք թէ թուրքերը յաջողած են մեր համակարգը թափանցել ու նուիրահաւաքը խանգարել:

 

Տասը րոպէներ ետք, ստացանք երկու լաւ լուրեր: Առաջինը, թէ մեր համակարգչային համակարգը վերահաստատուած է ու ապահով, և թէ այլևս այդ գծով մտահոգութիւն չկայ: Իսկ երկրորդը, թէ խանգարումը թուրք hacker-ներու գործը չէր: Այլ, իր խոստումին համաձայն, Քիմ Քարտաշեանը զօրակցական գրառումը ըրած էր ցանցերու վրայ, և դէպի Հայ Դատի կայք ուղղած էր հարիւր հազարաւոր հետեւորդներ, որոնց միահամուր միացումով տապալած էր մեր կայքը:

 

Թելեթոնը բարեյաջող կերպով ընթացաւ: Հազիւ մէկ ժամ էր որ սկսած էինք ծրագրին, երբ հեռախօսազանգ մը ստացայ ուր Քիմի ներկայացուցիչը կը յայտնէր թէ Քարտաշեան քոյրերը տասը հազար տոլարով կը մասնակցին նուիրահաւաքին: Այդ օրը, հայ համայնքի անվերապահ նեցուկին շնորհիւ, ընդհանուր հանգանակութեան արդիւնքները եկան գերազանցելու մեր սկիզբի ակնկալութիւնները:

 

Եւ այսպէս սկսաւ Քիմի (եւ իր միւս 2 քոյրերու) մասնակցութիւնը հայութիւնը յուզող նախաձեռնութիւններու մէջ: Երկու տարի ետք, 2014-ին, անոնք իրենց գրառումներով միացան Քեսապի թրքական ներխուժման դէմ պայքարին, ու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով իրենց ներգործօն մասնակցութիւնը բերին մեր Դատը աշխարհին ծանօթացնելու գծով: Անոնք մինչև օրս կը շարունակեն դէպի Հայաստան և հայութիւն հրաւիրել համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը: