image

Ոչ եւս մեր համայնքի նուիրեալ կրթական մշակներէն՝ Տիկ. Ազնիւ Արթուքը

Ոչ  եւս  մեր համայնքի   նուիրեալ   կրթական  մշակներէն՝ Տիկ. Ազնիւ Արթուքը

Ռոմանոս Ճիզվէճեան

 

  Ինծի համար տխուր օր մըն է այսօր.խոր ցաւով   իմացայ, որ    իր մահկանացուն կնքած է  իմ  յաճախած  Պալաթու Խորէնեան   վարժարանի երկար տարիներու տնօրէնուհի  Տիկին  Ազնիւ Արթուքը (Արթիք)։

 Մանկութեանս  օրերէն    իմ մէջ տպաւորուած էր, որ  մեր տնօրինուհին   շատ մօտիկ կապ ունեցած է հանգուցեալ  մայրիկիս ՝ Վէրժին Ճիզվէճեանին   հետ         եւ  անոնք երկար  տարիներ  եղած են մտերիմներ։

Հանգուցեալը ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։ Ազնիւ Արթուք յառաջացած տարիքի մէջ թէեւ հրաժեշտ առած է կեանքէն, սակայն իր կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է իր երախտագէտ սաներուն եւ պոլսահայ կրթական շրջանակներուն։

 

Բոլոր անոնք, որ  մօտէն  ճանչցած են Տիկին Ազնիւը  շատ լաւ ընկալած են, որ  անոր համար   կրթական  գործունէութիւն  ծաւալելը, սոսկ ասպարէզ մը չէր,  այլ  նուիրում էր ու  համակ սէր։

 

 

 Աստուած  հոգին լոյսերու մէջ  հանգչէցնէ