image

Ապու Տհապիի իշխանը կոտրեց Սուրիոյ պաշարման շղթան

Ապու Տհապիի  իշխանը կոտրեց Սուրիոյ պաշարման շղթան

 

 Սագօ Արեան 

 

Իւրայատուկ քայլով մը Ապու Տհապիի իշխան եւ ԱՄԷ,ի գահաժառանգ Շէյխ Զայէտ Պըն Ալ Նահեանը, հեռախօսային կապ ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ։ Իշխանը բառացիօրէն ըսած է, որ իրենք Սուրիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն կողքին են։ Իշխանը նաեւ հաւաստիացուցած է, որ իրենք առանձինն պիտի չթողուն Սուրիան «Քորոնա»ի այս դժուարին օրերուն։
Ասկէ առաջ ալ գրած եւ ըսած եմ, որ Պարսից Ծոցի սիւններուն մօտ դրական տինամիքա մը սկսած է աճիլ հանդէպ ՝ Ասատին եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն։ Ու հասկնալի է, թէ ինչ պայմաններու տակ անոնք նոր մերձեցման մը փուլը պիտի բանան։
Յուսալի է, որ արաբները սկսան անդրադառնալ, թէ ինչքան կարեւոր է ունենալ կայուն, ամուր եւ արաբ ազգայնականութեան ոգի տուող տիրական Սուրիա մը։ Այս մերձեցումը կամ գաղտնաբառը Մոսկուայէն կու գա՞յ. Վստահ չեմ, սակայն աւելի քան վստահ եմ, որ Հաֆէզ Ասատի գաղափարական գիծը արաբներուն համար անհրաժեշտութիւն է։
Լուսանկարը ՝ Սուրիոյ նախագահութեան Դվիթերի էջէն։