image

Խոնարհում մը՝ Նշան Փալանճեանի յիշատակին

Խոնարհում մը՝ Նշան Փալանճեանի յիշատակին
Վարուժան  Չիլինկիրեան 

Ճեմարանական չեմ, բայց ամէն անգամ որ այցելեմ Գահիրէի ազգային գերեզմանատունը, անպայման կ՚երթամ կանգ առնելու այս մարդու շիրիմին մօտ։

Խունկի եւ ծաղիկի ծէսը իմ նախասիրած գործը չէ, աղօթքներս ալ արդէն շատոնց լսելի չեն, ըրածս պարզապէս երախտագիտական համեստ խոնարհում մըն է Նշան Փալանճեանի շիրիմին, իր անուան Ճեմարանի 90-ամեակի առթիւ, բոլոր Ճեմարանականներուն կողմէ, եւ քանի մը դրական մտորում` թէ երբեմն մարդ ի՜նչ մեծ գործեր կրնայ ընել եւ ակամայ անմահանալ։