image

«Եկեր եմ մնալու, տոմսակս միակողմանի է»

«Եկեր եմ մնալու, տոմսակս միակողմանի է»

Րաֆֆի Տուտագլեան կը գրէ. 

 

Նորայր Էպլիղաթեանը Լիբանանէն վերջին (բայց ոչ ամենավերջին) հայրենադարձն է, որուն հետ ծանօթացայ երեկ, Գառնի այցելութեան ընթացքին։ «Եկեր եմ մնալու, տոմսակս միակողմանի է», ըսաւ Նորայր, երբ հարցուցի Հայաստան իր այցելութեան տեւողութեան մասին։
Նորայրը ծնած է Լիբանան, ուսանած է Ամերիկա, ապրած ու աշխատած է այնտեղ, յետոյ դարձեալ Լիբանան ու հիմա՝ արդէն Հայաստան։
Ան զաւակն է Լիբանանի յայտնի երեսփոխան՝ դոկտոր Մելքոն Էպլիղաթեանի։
Միասին Գառնի գացած էինք՝ նշելու Փետրուարեան ապստամբութեան 99-րդ տարեդարձը։ Այցելեցինք Գառնիի մէջ գտնուող Փետրուարեան ապստամբութեան խմբապետներու գերեզմանները ու յարգեցինք բոլոր նահատակներու յիշատակը։
Ճանապարհին երկար զրուցեցինք Լիբանանի, Ամերիկայի, Հայաստանի ու երկրագունդի բազմատեսակ ու բազմաշերտ խնդիրներուն մասին։ Յիշեցինք Լիբանանի հին օրերը, պատերազմը, այսօրուան տագնապը, դոկտոր Մելքոն Էպլիղաթեանը, որ ի դէպ, իմ կուսակցական կնքահայրը եղած էր մօտ 35 տարի առաջ։ Այսօր, սակայն, Նորայրն ու ես անկուսակցական ենք, բայց չենք կրնար մոռնալ մեր կնքահայր սերունդի ազդեցութիւնը մեր քաղաքական կազմաւորման վրայ։
Գառնիէն վերադարձանք Երեւան՝ բաւական հետաքրքրական, այլեւ հոգեպարար քանի մը ժամ ընկերներով անցընելէ ետք։
Բարի գալուստ հայրենիք, սիրելի Նորայր։ Հետաքրքրական օրերդ դեռ «առջեւում են», վստահ եղիր։