image

Հակառակ Անգարայի պնդումներուն Սուրիոյ բանակը կը մօտենայ ԻՏԼԻՊ-ին

Հակառակ Անգարայի  պնդումներուն  Սուրիոյ բանակը կը մօտենայ ԻՏԼԻՊ-ին

 

 Սագօ  Արեան կը գրէ ՝

 

Հակառակ Անգարայի պնդումներուն Սուրիոյ բանակը կը մօտենայ #ԻՏԼԻՊ-ին։ Սուրիական բանակի ստորաբաժանումներ այսօր աւելիով մօտեցած են ԻՏԼԻՊ-ին եւ վերջին տուեալներուն համաձայն Սուրիոյ բանակին մնացած է ընդամէնը #ՉՈՐՍ ՔԻԼՈՄԵԹՐ մուտք գործելու համար ԻՏԼԻՊ։ Ի դէպ ուշագրաւն այն է, որ սոյն տեղեկութիւնները հաստատուած են «Ալ Մարսատ» կայքի խմբագիր Ռամի Ապտըլ Ռահմանին կողմէ, որ քիչ առաջ խօսեցաւ #ԱլԱրապիա կայանին։ Այս բոլորէն անդին ժամանակի մը համար ընդդիմադիրներուն մօտիկ համարուող #ԱպտըլՌահման կարեւոր հարցազրում մը տալով նկատել տուած է, որ գետնի վրայ ընթացող զարգացումները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ նախագահին ընդդիմադիրները պաշտպանելու մասին կատարած յայտարարութիւնները մեղմ ասած փուճ են ու նաեւ աւելի քան բացայայտ է, որ Սուրիոյ բանակին ունեցած յառաջխաղացքը կը խօսի թաքուն ծրագրի ու նաեւ գործարքի մը մասին, որուն #պապա»ն անշուշտ #Մոսկուան է։ Ամէն պարագայի սպասենք յառաջիկայ ժամերուն ու պատկերն աւելի յստակ պիտի դառնայ։ Տարբեր առիթներով այս թեմային մասին խօսելով գրած ու ըսած եմ, որ #Անգարա-ն ԻՏԼԻՊ-ը #Դամասկոսին պիտի յանձնէ եւ անոր փոխարէն ...։