image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ կատարուեցաւ երէկ Պէյրութի մէջ . Քանի մը նկատառումներ

Ինչ կատարուեցաւ երէկ  Պէյրութի մէջ . Քանի մը  նկատառումներ

  Սագօ  Արեան  կը   գրէ ՝

 Մի   քանի դիտարկում   Պէյրութի երէկուան   դէպքերուն մասին

 

 Այն ինչ որ կատարուեցաւ  երէկ   ՝   18 յունուարին   Պէյրութի  մէջ մտածելու տեղիք կու տայ, այն  իմաստով որ     բողոքի  ցոյցերու       94 օրէ   ետք   ցուցարարներ, ոչ  թէ իրենց բողոքը արտայայտեցին, այլ  մայրաքաղաքը  «գրաւեցին»  եւ   քաոս  ստեղծեցին։

 

  Ոչ միայն մեծ  հարցականներ  կան   երէկ ստեղծուած  վիճակին  մասին, այլ  լուրջ մտավախութիւններ, որ  երկիրը կը մտնէ    անորոշութեան  եւ   անիշխանութեան   անդառնալի փուլ մը, որ    կը պարունակէ մեծ  վտանգներ եւ ձեռնտու   չէ  ոչ ոքի  համար, բացի անոնց, որոնք  սեւ  վարագոյրի  մը ետին   կանգնելով կը  փորձեն   Լիբանանը  «պարեցնել»  ու    Մերձաւոր Արեւելքի  ամբողջ  լէշը  հոն թափել։

 

 

 

  Նկատառումներ

 

 Երէկուան    ցուցարաները  կը տարբերուէին վերջին շաբաթներու  ցուցարարներէն, իրենց «շնորհներ»ով։ Անոնց մեծ մասը, կամ անոնք որ աւելի ուշ   միացան  իրենց (յատկապէս Թրիփոլիէն եւ Պեքայէն)    անցան վայրագ   արարքներու եւ    վնասեցին  տասնեակ խանութներ եւ դրամատուներ։

 

   Լիբանանեան    ընկերային հարթակներու վրայ  երէկ  եւ դէպքերու    աւարտին հետ շրջանառութեան  մէջ դրուեցաւ  վարկած մը, որ բաւականին    վտանգաւոր  եւ մտահոգիչ է, որուն  հիմամբ     Թրիփոլէին Պէյրութ  հասնողներուն    ետին կը կանգնին  սիւննի այն   ուժերը, որոնք  կը համարուի  Լիբանանի «Անգարայի մարդիկ»ը։  Անուններու խաղին մէջ պիտի չմտնեմ,  սակայն   այս մարդիկը նոյն  անոնք են, որ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ  հակահայկական       նախաձեռնութիւններով հանդէս   եկած են։

 

  Դէպքերու աւարտին պարզ  դարձաւ, որ   վիրաւորներու  թիւը հասած է 400-ի եւ մտահոգիչն  այն էր, որ   Թրիփոլցի ցուցարարներ    թիրախ  դարձնել ՆԳՆ-ի     ուժերը հալածած  ու  անգամ հիւանդանոցներ  հասնելով   գրոհած էին            այն  զինուորներուն վրայ, որոնք   ցոյցերու   ժամանակ  վիրաւորուած էին եւ  տարուած  հիւանդանոց։

 

 

   Նոր  սենարներ  շրջանառութեան մէջ  կը դրուին, ըստ որոնց   նախատեսուած է   ներ-սիւնիիական  պայքար,  ընդհարում ստեղծել, այդպիսով խառնակչութեան   նոր փուլ մը  բանալով, առանց անոր ալ անհանգիստ  եղող  երկրին մէջ։

 

 

  Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ բաւական   ուշ արձագանգեց  եղածին,   նախազգալով    գործադրուած  սադրանքները  կարողացաւ       քաոսին վերջ տալ,  համաձայնելով  երկրի նախագահին եւ  բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ, որպէսզի բանակի  մասնայատուկ ուժեր տարածուին  Պէյրութի  մէջ։

 

 Կառավարութեան կազմութիւնը  տակաւին պիտի յամենայ, ու բաւական դժուար է,    չըսելու համար անկարելի, որ   երկրի   նորանշանակ  վարչապետ Հասսան  Տիապ կարողանայ  նոր   կառավարութիւն մը կազմելու իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ  պսակել։

 

 

 

 

  Ամերիկեան  աղբիւրներ, իրենց կարգին կը  խօսին   զինուորական  կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին մասին, որ թէեւ   դժուարին  է, սակայն անկանխատեսելի չէ, եթէ  հաշուի առնենք իրավիճակի վտանգաւորուած ըլլալը։ Այդպիսի ընտրանք    լիբանանցիներուն համար  «պարտադրուած  լուծում»  պիտի ըլլայ, եթէ    նկատուի, որ  փողոցը կը շարունակէ անհանգիստ մնալ ու անկէ  անդին   բախումները ստանան   տարողունակ     ձեւաչափ. ըլլան  զոհեր  ու    քաղաքացիական  մակարդակով ընթացող   բողոքի  գործողութիւնները ստանան ներ-համայնքային     դրոյթ։

 Ինծի  համար  աւելի քան կարեւոր է, որ Սաատ  Հարիրին ինչ քայլերու պիտի դիմէ եւ  ինչ    առաջարկով հանդէս պիտի գայ, յատկապէս որ  ան երէկ  խօսեցաւ     իր  հօր կերտած   Պէյրութի  վտանգուած ըլլալուն   եւ  Պէյրութը  այրելու փորձերուն  մասին։

 

 

 Զօր. Միշէլ  Աունի վարկանիշը բաւական   ինկած է ու կարծես թէ  ան  նախաձեռնելու մեծ  ներուժ չունի այլեւս, անոր փոխարէն  խաղի  ամբողջ հունը   առած է իր փեսան, որ  Լիբանանցիներու գրեթէ կէսին համար   (գուցէ  աւելին ալ)   դարձած է անընդունելի  գործիչ  եւ մէկը, որ  պէտք է դուրս  գայ (գոնէ այս փուլին)  իշխանական  բուրգէն։

 

 

 Կարեւոր դեր  ունի  կատարելիք «Ալ Մարատա» կուսակցութեան առաջնորդ Սուլայման Ֆրանժիյէն,  որ կը համարուի        «Հեզպոլլահ»ի  ամենավստահելի դաշնակիցներէն մին ու նաեւ ընդունելի կերպար է սէուտցիներուն եւ ամերիկացիներուն  համար։ Ան  ներկայ  պահու դրութեամբ  Լիբանանի  ամենավստահելի գործիչներէն մին է, եթէ ոչ միակը եւ   ամենահաւանական   նախագահական թեկնածուն։

 

  Այս բոլորի կողքին  երկիրը   կրնայ յայտնուիլ «Տիֆոլթ»  դրութեան մը առջեւ,    յատկապէս   առողջապահական, վառելանիւթի, սնունդի ոլորտներուն  մէջ, սակայն   դժուար թէ  ամբողջական   տնտեսական փլուզում  ըլլայ Լիբանանի մէջ։ Եթէ նոյնիսկ երկիրը     արեան  մէջ յայտնուի  ամերիկացիներուն համար  ձեռնտու չէ,  որ Լիբանան ամբողջապէս փլուզուի։

 

 Այն  մարդիկ, որ մեծ ու փոքր գումարներ ունին դրամատուներուն մէջ  եւ անկարող են իրենց աւանդները ետ ստանալու պիտի սպասեն,  որ քաղաքական լուծումներու  փուլը  գայ  եւ   շատ հաւանաբար, անոնք  կարողանան  իրենց  գումարները  վերստանալ, միայն այն պարագային, երբ Արաբական  Ծոցի երկիրներ   կրկին անգամ կը միջամտեն եւ  ինչպէս ամէն անգամ  նիւթական   մեծ  գումարներ կը հոսեցնեն դէպի Պէյրութ, պայմանաւ, որ «Հեզբոլլահ»ն ու  անոր Առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլան,  գոնէ այս  եւ  առաջիկայ      փուլերուն  պահպանեն  այսօրուան  «հրադադար»ը իրենց   ոխերիմ    հակառակորդ սիւննի  աշխարհի  տէրերուն հետ։ Ու  ես աւելի քան վստահ եմ, որ «Հեզբոլլահ»ը  ունի բաւարար ներուժ հանդէս գալու հաւասակշռուած ու Լիբանանի    շահերը պահպանողի  իրական   դերով։