image
Հրատապ լուրեր:

Արաբ լրագրողին կարծիքով Ամերիկա պիտի զղջայ Իրաքի մէջ իր վարմունքին համար

Արաբ  լրագրողին  կարծիքով  Ամերիկա պիտի  զղջայ   Իրաքի  մէջ իր  վարմունքին համար

 Սագօ  Արեան կը գրէ

 

 

Շատ վտանգաւոր զարգացումով մը ամերիկեան ուժեր հարուածած են Իրաքի «Հաշտ ալ շահպի» շարժումի երկու հիմնական կեդրոններ։ Զոհուած են իրաքեան «Հըզպալլա»ի տասնըհինգ զինեալներ, որոնց կարգին «Հաշտ»ի կարեւոր պատասխանատուներէն ՝ Ապու Ալի Խազհալին։ Դէպքը տեղի ունեցած է Իրաք-Սուրիա սահմանային «Ալ Անպար» նահանգին մէջ։ Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ շատ վտանգաւոր կը համարեն այս զարգացումը. Միայն օրինակ մը տալով մէջբերեմ արաբ վերլուծաբան Ապտըլ Պարի Աթուանի խօսքը, երբ ան ըսաւ «եղածը չափազանց վտանգաւոր է եւ այս կերպ Ամերիկա իր դէմ բացաւ դժոխքի դռները. Ամերիկա պիտի պարտուի Իրաքի մէջ, ինչպէս մօտիկ անցեալին ալ պարտուեցաւ»։ Նշեմ նաեւ, որ Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Ատէլ Ապտըլ Մահտի, որ դատապարտեց եղածը յայտարարեց, որ այս կերպ ԱՄՆ ոտնակոխ կընէ միջազգային բոլոր համաձայնագրերը եւ շրջանին մէջ կը ստեղծէ պատերազմական իրավիճակ։