image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի հայութիւնը պէտք է «ինքն իր իւղով տապկուի»

Լիբանանի հայութիւնը պէտք է «ինքն իր իւղով տապկուի»

Արա Սանճեան

 

Երկիրը դիմագրաւող տնտեսական, քաղաքական ու յատկապէս ելեւմտական (ֆինանսական) այս ծանր հանգրուանին, Լիբանանի հայութիւնը պէտք է «ինքն իր իւղով տապկուի»․․․ Ասիկա դէպքերուն հեռուէն դիտելով հասած եզրակացութիւնս է։ Լիբանանահայութիւնը մոռացութեան տրուած ըլլալ կը թուի նոյնիսկ ․․․ իր իսկ գոյացուցած սփիւռքին կողմէ։