image

Սահակ Բ.ն Պատրիարքը եւ սփիւռքը

Սահակ   Բ.ն Պատրիարքը եւ սփիւռքը

 Սագօ Արեան կը գրէ.

 

Մինչեւ  նոր Պատրիարքի ընտրութեան փուլը սփիւռքի  մէջ լաւ  խմորուած  թեմա կը համարուէր Պոլսոյ    մէջ տեղի ունեցող դէպքերը։

Ու բնաւ զարմանալի չէր, որ սփիւռքի  տարբեր անկիւններէ բաւականին բացասական    գնահատականններ տրուէին   նախկին տեղապահին,  կամ  մինչեւ  Պատրիարք  դառնալը     Տ. Սահակ   եպս. Մաշալեանին կողմէ  հնչեցուած  գնահատականներուն, կամ   ողջոյնի  խօսքերուն վերաբերեալ։

Հիմա  արդէն  նոր   շրջափուլ մը  մտած ենք  ու        աւելի քան սպասելի է,  որ սփիւռքի  մէջ   ազգային  գործերով զբաղուող  մարդիկ,  պարտականութիւն վերցուցած  ազգայիններ   այս կամ այն  առթիւ  իրենց հրացաններու փողերը    դարձեալ ուղղեն դէպի   Պոլիս։

Հաւանաբար  ընելիքի  պակասը չէ, որ զիրենք  կը մղէ   այդ  գործին, բայց եւ այնպէս  անոնք  կ՚ուզեն հաւատալ,  կ՚ուզեն ընկալել  եւ մարսել   յան  գաղափարը, որ  Պոլիսը   պէտք է առաջատար  դեր ունենայ  մեր ժողովուրդի  համայնական  խնդիրներու լուծման  ընդհանուր օրակարգին   մէջ։

Բարդ  գործ  մըն է ասիկա, ու միայն չի կապուիր,  յօդուած  գրելու,   ատենախօսութիւն կարդալու, կամ    ալ մամլոյ ասուլիս մը տալուն հետ։

Երկար  տարիներէ  ի վեր հայկական  Պոլիսը,   որ մինչեւ վերջերս  կը համարուէր  «թապու»   այսօր նոր շրջան մը կը թեւակոխէ  ու այդ առումով ալ ամէնէն  խրթին  համարուած  կէտն այն է, որ սփիւռքը տակաւին չի գիտակցիր, ոչ  ալ կը  ճանչնայ, թէ  ինչ  բան է  Պոլիս   ըսուածը։

 Պոլիսը  քար  նետելու տեղ  չէ,   այստեղ  կայ  դարաւոր համայնք, որուն արմատները   կայմուած  են         մեր դարաշրջանէն առաջ  այս ջուրերուն  շուրջ կազմուած երկու կայսրութիւններուն    ընթացքին, եւ որուն   առաքելութիւնը    այսօր անգամ մը եւս   իր  առագաստները կը բանայ   հեռուն տանող   ծովային  ճամբորդութեան մը առջեւ։

 

 Պոլիսը  մեծ է։

Պոլիսը  այս աշխարհի  խաչմերուկներուն վրայ  կանգած  մեծ  կայմ  է, որուն  թեւերուն  վրայ հարիւրարաւոր ժողովուրդներ կը բանին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը   ժամացոյցի   ճշգրտութեամբ իր գործը  կը կատարէ։

 

Իսկ մեզմէ շատ  շատեր, անոնք նոյնիսկ   որոնք  այս ափերուն  են ծնած  զբաղուած  են   քար  շպրտելու  հին-նոր  սովորութեամբ։

Ի վերջոյ   քանի գրոշ  պիտի արժէ  այն  գրողին,  այն մտածողին  եւ այն  հրապարակագրին  խօսքը, որ զուրկ է  իրաւացիութենէ ու աւելի կը գրէ  յանուն գրելուն,  իրականութեան զգացումէն զուրկ  ու առանց գիտակցելու, որ ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ  իր    տխմար  մօտեցումը։

Այս բոլորին  մէջ  ահա  կը բացուի նոր պատուհան մը,  որուն երկար տարիներէ ի վեր կը սպասէր  պոլսահայութիւնը։

Այդ պատուհանը շատ ատեններ պատուած էր  ցեխով, աւազով  ու  անոր վրայ կուտակուած      կաւը   թոյլ  չէր տար, որ լոյսի կտոր  մը   ներս անցնի  ու մեզ ալ այդ լոյսէն  բաժին մը տայ։

 Այդ պատուհանը  նոր պատրիարքի   պատուհանն է, որուն մէջէն   պիտի նայինք   Պոլիսին։ Սա յատուկ արարողակարգ   մը չէ միայն,  այլ ընթացքներուն մօտ  ըլլալու,  այս   ժամանակներու  մեծ ցնցումներուն մէջէն  նաւարկելու մեծ  առիթ է, քանի  որ որեւէ  ազգի,  որեւէ լեզուի, որեւէ ապրումի եւ  որեւէ  հոգեկան սպասումի  դիմաց առաջին եւ վերջին  գրաւականը  յոյսի   պատուհանն է։

 Քրիստոնեաներս  մեծ  գրաւ կը դնենք  յոյսին  վրայ. Մեր մկրտութեան օրէն ու մինչեւ    երկրային կեանքէն   հեռանալու         պահը կը հաւատանք, կ՚ուզենք  հաւատալ  յոյսի ներգործութեանը եւ    բռնենք  անոր մեծ   առագաստներուն    պարանը։

 Յոյսը մեզ ամօթով  պիտի չձգէ կ՚ըսենք  ու   հարցերը կը դիտարկենք    դրական  ակնոցով մը,  որպէսզի մեր այսօրը   աւելի տանելի դառնայ  ու վաղուան    սպասումներուն մէջ  յոյսի     կերոններ  վառենք։

 

 Հիմա   այս է պատկերը. Ունինք նոր Պատրիարք, որ կը վայելէ   արեւմտահայութեան  վերջին կաթիլ  մնացորդացին  մեծամասնութեան նեցուկը  ու ատոր համար  ալ պարտաւոր ենք  հաշուի նստիլ  այդ  իրողութեան  հետ։

 Ի՞նչ պիտի ուզենք նոր Պատրիարքէն եւ  ինչ  ճանապարհներ   ունինք  անոր   առաջարկելիք,  ինչ  բառերով պիտի խօսինք անոր հետ եւ   փոխարէնը ինչ ակնկալիքներով ականջ  պիտի տանք անոր    խօսքերուն։

 Գիտենք, որ մեր եկեղեցին  ունի նուիրապետական  չորս  աթոռներ, բոլորն ալ   իրենց  պատմական  դերով   եւառաքելութեամբ առանձնացող, սակայն Պոլսոյ  պարագան   այլ է, որովհետեւ ինչպէս  վերը նշեցի  Պոլսէն   դէպի աշխարհը    նայող   այս   փոքր   պատուհանը  մեզի   համար կարեւոր  նշանակութիւն ունի։

 Պահանջատէ՞ր ենք.  Գիտե՞նք մեր ընելիքները,   պատրա՞ստ ենք վաղուան զարգացումներուն ու ատոր դիմաց      թուղթին վրայ գրա՞ծ ենք, շարադրա՞ծ ենք մեր    գաղափարները.այս բոլորին պատասխան մը չունիմ, սակայն  քաջ գիտեմ, որ   իրաւունք  չունինք  անցեալի սխալները կրկնելու առաւել  եւս ալ Պոլսոյ նոր Պատրիարքէն  հրաշքներ գործել   պահանջելու կամ հայ- թրքական կնճռոտ խնդրի անիւը իր ցեխոտ տիղմէն դուրս բերելը  պահանջելու  իրաւունքը  չունինք։

Մենք  կոչուած ենք  օգնել  նոր Պատրիարքին,  կոչուած ենք հասկնալ իր դերը եւ բոլոր ուժերով  կառչիլ այս  պատմական աթոռին ու անոր  դարաւոր պատուհանէն  նայիլ  գալիք  զարգացումներուն։

Պատրա՞ստ ենք ատոր. Եթէ  ոչ  ապա    ժամանակն է, որ պատրաստ ըլլանք։

Պատրաստ ըլլանք լրջանալու եւ պատրաստ ըլլանք  մեր նոր ճամբորդութեան։

Բարի լոյս  տուաւ մեզի նոր Պատրիարքը,  ան   բարի լոյսով բացաւ  իր  խօսքը ու մենք  պարտաւոր ենք   ետ  առնել այդ բարի լոյսը ու հաւատքով եւ սիրով տարածել  ամէն դի։

 

Սագօ Արեան