image

«Ճշդապահ, պարկեշտ եւ պարտաճանաչ...» Լրացաւ Աւետիս Կէրէքմէզեանին մահուան քառասունքը

«Ճշդապահ,  պարկեշտ  եւ պարտաճանաչ...» Լրացաւ  Աւետիս  Կէրէքմէզեանին  մահուան քառասունքը

Լիբանանահայ  Կարօ Կէրէքմէզեան, իր հօր   վերջերս   հանգուցեալ  Աւետիս Կէրէքմէզեանի   մահուան քառասունքին  առթիւ կը  գրէ ՝

 

 

 

Նեղացնող է, երբ կորսնցնես հայր մը որ իր կշիռը ունէր Պուրճ Համուտի մէջ։Մաքուր անձ, հայր, եղբայր, մաքուր ազգային, տարիներով թաղական` Ս. Սարգիս եկեղեցիի, ՀՄԸՄ-ական գայլիկ, սկաուտ, անդամ... ՀՅԴաշնակցութեան շարքերու կամաւոր անդամ, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն «Իշխան»  կոմիտէի հերթապահ, կոմիտէի անդամ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մէջ պաշտօնակատար 1974-2000, 1994էն 2016 Sukleen-ի մէջ հսկիչ, ամէն Հայ որ օգնութեան կարօտ էր, որեւէ ձեւով կ՚օգնէր... Ժպտուն դէմքով, Ճշդապահ, պարտաճանաչ, պարկեշտ, եւ բոլորին հետ յարգանքով խօսող ընկեր Աւետիսը այսօր չկայ մեզի հետ, բայց իր յիշատակը կը մնայ... Այո պիտի մնայ մեզի հետ։