image

Լիբանանի տագնապ.Ինչ ուղղութիւններով կրնան զարգանալ դէպքերը

Լիբանանի  տագնապ.Ինչ ուղղութիւններով կրնան  զարգանալ դէպքերը

Սագօ Արեան կը  գրէ.


Լիբանանն արդէն երեսուն օրէ ի վեր դուրս եկած է իր բնականոն հունէն։ Վերջին երկու տարիներուն բողոքի տարբեր ձեւաչափերով արտայայտուող ժողովրդային ալիքը այսօր երկիրը տարած է համընդհանուր պոռթկումի մը հարթակին ու նկատառելի է,որ ցուցարարները պատրաստ չեն շունչ մը քաշել կամ նստիլ տիալոկի սեղանին։
Եղած դէպքերուն, շարժառիթին, յայտնի պատճառներուն մասին շատ մելան հոսեցաւ: Վերլուծողներ նկատել տուին, որ լիբանանցի ժողովուրդին համբերութիւնը ալ հատած է ու իրենք ալ տուժելու տեղ չունին։
Մինչ առաջին օրերուն ցոյցերը կը կատարուէին ունենալով բացառապէս տնտեսական մտահոգութիւններ, այսօր արդէն երկրին մէջ նոր իրավիճակ կը տիրէ։
Կան կարեւոր հարցադրումներ, որ յաճախ լսելի կը դառնան ու մերթ ալ մեծ մտահոգութիւններու պատճառ կը հանդիսանան. այդ հարցումներուն ամէնէն էականը հետեւեալն է. «Արդեօ՞ք Լիբանան նոր պատերազմի մը կ՚երթայ ...». շատ են այս հարցումը տուողները ու քիչ են, շատ քիչ անոնք որ կը կարողանան յստակ եւ ամբողջական պատասխան մը տալ այդ հանելուկին։
Ամէն պարագայի գրառումս պիտի ուզեմ աւարտել լաւատեսական շեշտով, միշտ հաւատալով, որ լիբանանցի ժողովուրդը չուզէր իր ետին նայիլ եւ չուզէր վերստին ապրիլ քաղաքացիական չարաղէտ պատերազմի ծանր դէպքերն ու կը փորձէ ամէն գնով Լիբանանը հեռու պահել նոր արիւնահոսութենէ։
Պիտի ուզեմ նաեւ քանի մը կարեւոր կէտ ներկայացնել քաղաքական եւ ընկերային գետիններուն վրայ ընթացող զարգացումներուն ու իմ նշմարած կէտերուն մասին։

1.Ցուցարարները, որոնց համար ամէնականն է տիալոկ կատարելը, անտարբեր են երկխօսութեան սեղան նստելէ։ Հասկնալի է, որ մարդիկ դժգոհ են, շատ դժգոհ են, ու ատոր համար ալ փողոց իջած են, բայց ինչ է արժէքը այդ բողոքի հաւաքներուն, եթէ անոնք պատրաստ չեն դրական ոգիով մը խօսիլ քաղաքական կողմերուն հետ, տրուած ըլլալով, որ հակառակ իրենց մեծաթիւ ըլլալուն, ամբողջ երկիրը չեն ներկայացներ։ Եթէ դուն բոլորին, Լիբանանի համար է, որ կ՚ընես շարժումդ,  ապա պարտաւոր ես բոլորին, բոլոր լիբանանցիներուն հետ խօսիլ։

2. Երկրի նախագահ Միշէլ Աուն, որ յայտնի է իր տեսակէտին վրայ համառօրէն կառչած մնալու սկզբունքին, առնուազն իր փեսային հարցով պարտաւոր է զիջումներու երթալու։ Ու նաեւ սեղանին վրայ դնելով երկրի անմխիթար վիճակն ու իրմէ աւելի համար դուրս եկած ցուցարարներու մօտեցումն ու անոնց ստեղծած նոր իրականութիւնը, ՊԱՐՏԱՒՈՐ է, այո՛ ՊԱՐՏԱՒՈՐ է, «Հըզպալլա»ին համոզել ստեղծել անկախներու-ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն գլուխը պիտի ըլլայ Սաատ Հարիրին։ Նախագահը միայն այդ կերպ կրնայ սպունգի պէս ներծծել ստեղծուած քաոսը եւ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ երկիրը տանիլ ապահով ափ։

3.«Հըզպալլա»ն, որ ցոյցերէն շաբաթ մը անց ունեցաւ սխալ դրսեւումներ, այսօր ցոյց կուտայ Լիբանանի վիճակով մտահոգ եւ ամենէն աւելի խոհեմ դրսեւորումներ։ Նախ «Հըզպալլա»ի գերագոյն ղեկավարութիւնը ամէն կերպ իր շրջանակներուն եւ համակիրներու հասկցուցած է հեռու մնալ բողոքարարներէն ու հետեւաբար նաեւ հեռու մնալ բախումներէ...։ Սա ապահովութեան երաշխիքն է, որովհետեւ եթէ «Հըզպալլա»ի դրօշակները օգտագործող երիտասարդներ իրենց մոթոսիքլէթներով դարձեալ Պէյրութի փողոցները ողողեն, այն ատեն բախումները կը դառնան անկանխատեսելի... Միւս կողմէ «Հըզպալլա» շատ լաւ լաւ գիտէ, որ իր «քաղաքական վահան»ը Սաատ Հարիրին է, ու ատոր համար ալ չպէտք է վախ ապրի կառավարութենէն դուրս մնալով։ Կառավարութենէն դուրս մնալ անպայման չի նշանակեր քաղաքական խաղէն դուրս մնալ, մանաւանդ որ նոր կառավարութեան ամենակարեւոր խնդիրը պիտի ըլլայ կարգի բերել երկրի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը։

4. Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ մինչեւ հիմա ինծի համար յայտնի էր իր թոյլ, անողնայար կեցուածքներով այսօր կը դրսեւորէ հասուն քաղաքական գործիչի մօտեցում։ Հարիրի, իր հրաժարականով, ոչ միայն շահեցաւ ցուցարարներուն սիրտը, այլ այսօր իր «ղայիմ» կեցուածքով կը շարունակէ մնալ վարչապետութեան գլխաւոր եւ միակ (այո միակ) թեկնածու։ Կը մնայ, որ Հարիրի կարգի բերէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմէտին հետ իր յարաբերութիւնը, որպէսզի կարողանայ դէպի Լիբանան դրամական մեծ հոսք ապահովել։ Հարիրի նաեւ պէտք է հասկնայ, որ ոչ եւրոպացիք, ոչ ալ ամերիկացիք Լիբանանի մէկ սենթ պիտի տան ու «Մայրիներու երկրի» միակ ապաւէնը Արաբական Ծոցն է։ Ապահովութեան առումով Իրանեան թեւին կարեւոր ներկայութիւնը եւ նիւթական առումով ալ՝ Արաբական Ծոցինը։ Ասկէ առաջ ալ գրած եմ այս մասին, որ Հարիրի հանդէս պիտի գայ համարկողի դերով, եւ իր երկու բաց ձեռքերը պարզէ  դէպի Թեհրան եւ դէպի Ռիատ։ Այլ կերպ ու կտրական խօսքերով կամ կեցուածքներով Հարիրի պիտի չկարողանայ իր դերը լաւ կատարել։ Ան նաեւ պէտք է հասկնայ (կարծեմ ատենն է), որ Սուրիոյ նախագահ  Պաշշար Ասատը յաղթեց պատերազմը (հակառակ, որ ներքին պատերազմի պարագային յաղթել բառը սխալ բառ է, սակայն Ասատի տոկոնութիւնը եւ հաստատակամութիւնը տեղ մը եկան ցոյց տալու, որ այս եւ առաջիկայ փուլերուն ան անփոխարինելի է) եւ կը շարունակէ մնալ Լիբանանի կարեւոր հարեւանը, որուն ճամբով ալ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի ուսերէն հանել սուրիացի հազարաւոր գաղթականներու դերը։

5. Այս բոլորէն անդին ու կեդրոնանալով «Դաւադրական տեսութեան» (ասիկա միշտ ալ կը շահարկուի, յաճախ անտեղի եւ անօգուտ կերպով) մօտեցումներուն ըստ որոնց, բողոքի այս ալիքը Ամերիկայի ձեռագործն է, հոն եւս կայ կարեւոր ըսելիք, որն այն է, թէ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, Լիբանանի մէջ «իրանեան թեւ»ը ՝ «Հըզպալլա»ն անկոտրելի է։ Այս մէկը շատ մեծ երջանկութեամբ չեմ ըսեր, այլ կ՚ըսեմ, որովհետեւ հաւատքի եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած այս կազմակերպութիւնը (որուն հզօրացումը եղաւ քրիստոնեայ առաջնորդներու նեցուկով կամ ուրիշներու մեծ սխալներուն հետեւանքով) կը շարունակէ մնալ Լիբանանի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը։ Լիբանանցիք կրնայ ըլլալ չեն գիտեր այսքանը, կամ լիբանանցիներէն շատեր կ՚ատեն «Հըզպալլա»ն, որովհետեւ իրենցմէ կազմակերպուած եւ ուժեղ է, սակայն այդ բոլորը մէկ կողմ, որովհետեւ ինչպէս վերը գրեցի «Հըզպալլա»ն եւ անոր առաջնորդը այսօր հանդէս կու գան նախ եւ առաջ Լիբանանի շահերուն ծառայողի դերով։ Կայ իրանեան ազդեցութիւնը, այո կայ իրանեան «աժէնտա»ն, սակայն կայ նաեւ Հասան Նասրալլայի խոհուն մօտեցումը, որ դրսեւորուեցաւ մասնաւորապէս իր վերջընթեր ճառին մէջ, ուր ան կակուղ խօսքեով եւ վերաբերմունքով մեծ բան զիջելով կերպով մը ընդունեց երկրի ցուցարարներու բողոքելու արդար իրաւունքը եւ վերահաստատեց երկրին մէջ բարեկարգումներ կատարելու հարցը։ Վերադառնալով «դաւադրութեան տեսութեան» ինծի համար աւելի քան պարզ է, որ եթէ նոյնիսկ ամերիկացիք այդպիսի խաղի մը մէջ մտած ըլլան, կամ աւելի ուշ մտնեն, անոնք տեղի պիտի տան... Տեղի պիտի տան, եթէ մտածեն, որ Լիբանանի մէջ քաոս ստեղծելով հանգիստ պիտի տան Իսրայէլին ու տեղի պիտի տան, եթէ կը մտածեն, որ «Հըզպալլա»ն «սատանայացնելով» պիտի կարողանան Իրանի հարցին առումով միաւորներ կուտակել, կամ ժամանակաւոր երջանկութիւն պարգեւել Ռիատին ու անոր իշխանութիւններուն։
«Հըզպալլա»ի հարցը անլուծելի չէ, բայց եւ այնպէս այս ճանապարհով չէ։ «Հըզպալլա»ի ռազմական գործօնին լիբանանեան բանակին մէջ համարկման հարցը կարեւոր օրակարգ է, սակայն շրջանը հեռու է այդ ուղղութենէն ու ի՞նչ ակնկալել հաւատամքի վրայ կառուցուած զինեալ միաւորէ մը, որն ամէն օր սպառնալիքներ կը ստանայ Իսրայէլէն։
Ինչպէս վերը նշեցի, Լիբանանի անվտանգութեան երաշխիքը այսօր ալ «Հըզպալլա»ն է, որ պէտք է ըլլայ զուսպ եւ հեռու մնայ Արաբական Ծոցի երկիրները մեղադրելու անտեղի յանկերգներէն։
Միայն այդ կերպ ու միայն Հարիրի-ԱՄՆ-Ռիատ եռեակի ներուժէն օգտուելով ու նաեւ Դամասկոսի ու Թեհրանի հետ հարկողի դերով հանդէս գալով «Հըզպալլա» մասնակից պիտի դառնայ երկիրը այս տագնապէն հանելուն։ Ինչքան ալ ամերիկացիք այս կազմակերպութիւնը «ահաբեկչական» համարեն, կամ պատիժներ տան, շատ լաւ գիտեն (մանաւանդ Սուրիոյ փորձէն մեկնելով), որ «Հըզպալլա»ի դերն անշրջանցելի է ու նոյնիսկ օգտակար՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն կերտելու ու նաեւ իրական ահաբեկիչներուն դէմ պայքար տանելու։
Կարծեմ բաւական երկարեցի, սակայն այսքանը կարեւոր է հասկնալու համար, թէ ինչ ուղղութիւներով կրնան Պէյրութի դէպքերը զարգանալ ու այդ առումով ալ, քանի կողմ, քանի առաջնորդ եւ քանի խաղացող կարող են եւ կրնան դրական քայլեր առնելով երկիրը դուրս բերել ելեւմտական եւ տնտեսական մեծ գահավիժումէն, որմէ շատ ալ հեռու չէ Հայաստանի բարեկամ պետութիւն՝ Լիբանանը։