image

Որո՞ւ գործիքն է Տահէշը. Վարանդ Գորթմոսեան

Որո՞ւ  գործիքն է Տահէշը.  Վարանդ   Գորթմոսեան

Վարդանդ Քորթմոսեան  կը գրէ . 

 

«Նոր կը լսէի ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարի մամլոյ ասուլիսը: Ուրեմն, լրագրողոներէն մէկը կը հարցնէր Սուրիա պիտի մնա՞ք տակաւին եւ մինչեւ ե՞րբ: Պատասխանը եղաւ հետեւեալը.

- Պիտի մնանք այնքան ատեն որ վստահ ըլլանք, որ Տահէշը (ISIS) կարելիութիւն չունենայ քարիւղէն օգտուելու...

 

Բռնաբարութեան մեկնաբանութիւնը.

- Տահէշը ո՞վ մէջտեղ բերաւ.

ԱՄՆ-ն:

 

- Որո՞ւ գործիքն է Տահէշը:

ԱՄՆ-ի:

 

- Ըստ օրեր առաջ տարածուած լուրերուն, ո՞վ մաքրագործեց Տահէշի գլխաւոր ղեկավարը:

ԱՄՆ-ն:

 

 

- Ինչո՞ւ համար մաքրագործեց:

Որովհետեւ սկսած էր վտանգ սպառնալ իրեն բաժին հասնող քարիւղին:

 

- Հետեւաբար, ո՞վ է քարիւղէն օգտուողը:

Բնականաբար ԱՄՆ-ն:

 

Լաւ եթէ սաւիկա բռնաբարութիւն չէ, հապա ի՞նչ է:

 

Մնացած մեկնաբանութիւնները կարդացողներուն....

 

Յ.Գ. Բնականաբար այսքանէն ետք պարզ է, թէ ԱՄՆ-ն ե՞րբ կը պատրաստուի Սուրիայէն դուրս գալու...»