image

Պէյրութի ցոյցերը յատուկ պատգամ մը ունին Ամերիկային...

Պէյրութի ցոյցերը   յատուկ պատգամ մը  ունին  Ամերիկային...

 

«Արեւելք»ի   նախկին  խմբագիր ՝ Սագօ  Արեան  կը գրէ ՝

 

Այսօր Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումներուն մասին իմ ունեցած տուեալներս տամ։
 «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Նասրալլան պատկերասփռուած ելոյթ ունեցաւ եւ յայտարարեց, որ իրենք դէմ են Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան հրաժարման։ 
 Փողոցներուն մէջ ցոյցերը կը շարունակուին, հազարաւոր ցուցարարներ Պէյրութի կեդրոնական «Ռիատ սոլհ» հրապարակ կ՚ուղղուին եւ շատ հաւանական է, որ այսօր հաւաքուածներուն թիւը ըլլայ աւելին քան ինչ էր անցնող երկու օրերուն։
Ցուցարար ժողովուրդը կտրականապէս մերժեց Նասրալլայի մօտեցումները եւ յայտարարեց, որ «դուն ալ անոնցմէ մէկն ես ու պէտք է հեռանաք բոլորդ»։

 Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի կողմնակիցները կրակ կը բանան ցուցարարներուն վրայ, բան մը որ վտանգաւոր զարգացումներու դուռ կրնայ բանալ։ 
Վարչապետ Սաատ Հարիրին յայտարարած է, որ իր նստավայրը վերածուած է «մեղուներու փեթակ»ի ու իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն յօգուտ լիբանանցի ժողովուրդին։

Վերլուծութիւն.
 Ժողովուրդը կտրականապէս դէմ է բոլոր կուսակցութիւններուն եւ եթէ այս ընթացքով շարունակուի ցուցարարներու թիւը պիտի աւելնայ ու չի բացառուիր, որ նախագահ Աուն դուրս գալու համար այս սուր տագնապէն Լիբանանի մէջ պարէտային ժամ յայտարարէ։ 

  Հակառակ երէկուան իր սլաքներուն Հարիրի որոշած է շարունակել իր վարչապետական նստաշրջանը։ Ան նաեւ կարծէք եկած է այն համոզումին, որ այս փուլին «Հըզպալլա»ին հետ պէտք է համագործակցի ու նաեւ մէկ Աունի եւ անոր փեսային եւ միւս կողմէ իր վաղեմի դաշնակիցներուն ՝ Ժոմպլաթի եւ «Լիբանանեան ուժեր»ու պահանջները հարթելէ ետք պիտի կարողանայ Սէուտցիներէն հեռու նոր հովանաւորներ ճարել։ 
 Երկիրը կրնայ քաղաքացիական լուրջ ընդհանրումներու երթալ, եթէ Հարիրի միանայ ցուցարարներուն , բան մը որ չի բացառուիր, տրուած ըլլալով նաեւ, որ ցուցարարները զինելու եւ անոնց նոր աժանտա մը ներկայացնելու ծրագիրը այդքան ալ դժուար մօտեցում մը չէ։ 
 Կայ նաեւ ներքին սցենար, որուն հիմամբ Հարիրի եւ անոր կառավարութիւնը ԱՄՆ-ին պիտի ուզեն բացատրել, որ եթէ այսօրուան վիճակը շարունակուի ու նաեւ ելեւմտական-ֆինանսական ոլորտին վրայ ամերիկեան սեղմումները շարունակուին, Լիբանանը կրնայ «պայթիլ», բան մը որ երբեք ալ Թրամբին համար պահանջուած վիճակ մը չէ։ 
 Այս բոլորէն անդին կարեւոր է հասկնալ, որ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարիլը կը նշանակէ, որ սիւննի վարչապետը վճռած է շրջան մը հեռու մնալ քաղաքական գլխաւոր դէմք ըլլալու հանգամանքէն, բան մը սակայն, որ չերեւիր հորիզոնին վրայ։ Հարիրի պիտի շարունակէ իր վարչապետութիւնը եւ երէկուան անոր ելոյթը ըսածիս մեծագոյն ապացոյցն է։ Այսօրուան համար այսքանը։