image

Անթառամ ծաղիկներ ... անմոռաց վկաներ .. .Ատիսին հրաժեշտ տուին բազմահազար երկրպագուներ

Անթառամ ծաղիկներ ... անմոռաց վկաներ .. .Ատիսին հրաժեշտ տուին բազմահազար երկրպագուներ

Հերի Դաւիթեան
Պէյրութ, Նոյեմբեր 1996


 

 

 

Անթառամ ծաղիկներ ...  անմոռաց վկաներ ...

Երաժշտութեան ասպարէզին մէջ քիչ չեն անակնկալները: Երբ 1968-ին Voice of Stars ընկերութեան տնօրէն Դանիէլ Տէր Սահակեանը կը ծրագրէր հայկական էսթրատային երգերու ձայնապնակ մը հրատարակել Պէյրութի մէջ, ան նախատեսած էր այլ մեներգիչի մը կատարումները: Սակայն երբ բարեկամի մը յանձնարարութեամբ Ատիս Հարմանտեանը studio կը կանչուի փորձ-ձայնագրութեան մը համար, անոր ձայնն ու կարողութիւնը աւելի համոզիչ կը թուին պատասխանատուներուն: Ուստի այս երգերը ձայնագրելու բախտը կը վիճակուի Ատիսին, որ նախապէս երգած էր օտար լեզուներով:

Արդարեւ, 1968-ի Դեկտեմբերին լոյս տեսած «Ծաղիկներ, ծաղիկներ» եւ «Մանիշակ» զոյգ փոքր ձայնապնակներով նոր էջ մը կը բացուի հայկական էսթրատային երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Եւ ահա ձեր ձեռքերուն մէջ է հանրածանօթ երգիչին երկարամեայ ասպարէզին թէ՛ թանկարժէք եւ թէ՛ իւրայատուկ մէկ բաժինը:

Թանկարժէք՝ որովհետեւ այս ձայնագրութիւններուն շնորհիւ է որ հայկական էսթրատային երաժշտութիւնը տարածուեցաւ սփիւռքի, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր ոգեւորուած երաժշտասէր հասարակութիւնը սկսաւ աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ հայ երգով ու պարով:

Իւրայատուկ՝ որովհետեւ երբ կը վերանայինք Ատիսին յարաճուն երգացանկին բովանդակութեան, կը նշմարենք թէ այստեղ հաւաքուած ստեղծագործութիւնները (ի մասնաւորի Յասմիկ Մանասերեանի յօրինումները) իսկոյն կը զանազանուին իրենց ե՛ւ տեսակով ե՛ւ որակով:

Այս ծաղկաքաղը կ'ընդգրկէ երգեր, Ատիսին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ Long Play – ձայնապնակներէն, որոնք հրապարակուեցան 1969-ի եւ 1971-ի միջեւ:

Դանիէլ Տէր Սահակեանի առաջնորդութեամբ, երիտասարդ երգիչին հետ կարճ ժամանակ մը պարապեցաւ վաստակաւոր իտալացի երաժիշտ Reddy Bobbio-ն, որ իր տաղանդաւոր եղբօր Gianni-ի հետ կը նուագէր Պէյրութի Phoenicia շքեղ պանդոկին Paon Rouge Night Club-ին մէջ: Ահա այս նշանաւոր պանդոկին թատերասրահի բեմահարթակին վրայ է որ իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ Ատիսը (R. Bobbio-ին ղեկավարած նուագախումբին ընկերակցութեամբ), Կիրակի երեկոյեան 13 Ապրիլ, 1969-ին: Նշենք թէ երգիչին առաջին L.P.ին երգերուն դաշնաւորումը ամբողջովին կը պատկանի R. Bobbio-ին:

Երբ իտալացի երաժիշտը վերադարձաւ իր երկիրը, Դ. Տէր Սահակեանը դիմեց վարպետ երաժիշտներ Ժաք Գոճեանին (դաշնամուր) եւ Վաչէ Երամեանին (saxophone) աջակցութեան: Շուտով այս երաժիշտներն ալ սկսան գործակցիլ երգիչին հետ:

Վերոյիշեալ անուններուն առընթեր, ներփակ ձայնագրութեանց մասնակցած են երաժիշտներ Սուրէնը, Սէմը եւ Կարօն (թմբուկ), Վահիկը եւ Կիրակոսը (թաւ կիթառ) եւ Վահէն (կիթառ), իսկ փողային նուագարաններով իրենց ներդրումը կատարած են Casino du Liban-ի նուագախումբին պատկանող կարգ մը երաժիշտներ:

Դրուագներու շարքին յիշարժան է նաեւ Գալուստ Կիւլպենկեան թատերասրահին մէջ կայացած համերգը, որու հանդիսատեսներէն մէկը՝ հայրենի արուեստագիտուհի Գեղունի Չթճեան, խանդավառուեցաւ Ատիսին ստեղծած մթնոլորտէն եւ որոշեց յատուկ երգ մը գրել եւ նուիրել զայն լիբանանահայ երգիչին: Չթճեանին «Պէյրութ, Պէյրութ» երգը այժմ կրնաք գտնել սոյն զոյգ Compact Disc- երուն երկրորդին վրայ:

Ատիս Հարմանտեանին այս երգերը մշտադալար են: Ուրախ եմ, որ անոնք իրենց արդար տեղը գտան նաեւ C.D. ներու աշխարհին մէջ:

Հաճելի յուշերու թարմ վայելում: