image

Պզտիկ քայլերուն պէս անհամբեր ու անաւարտ. Վահէ Օշական

Պզտիկ քայլերուն պէս անհամբեր ու անաւարտ. Վահէ Օշական

Որ չեն յիշեր ու չեն տրամաբաներ

ոչ իսկ անձնասէր են

այլ ուրիշինն են երբ յագենան,

ու կողոպտելով իրենց տէրը

որո՞ւ մարմնին մէջ կ'ապաստանին

ու կը շարունակեն չլմնցած խրախճանքը:

Այն որ զանգուածը տուեր էր՝ զանգուածը ետ կ'առնէ

ապահովելու յաւերժացումը յուզումներու՝

որոնք հաւանաբար չվերածուին այն ծիրերուն

որ մատղաշ տղաք խէնէշութեան կը տանին՝

եթէ մարդը

ինքը ծնէր, ապրեցնէր իր հաճոյքը

իր ջիղերու տարածութեամբ վարակուէր

ու ի վերջոյ՝

զայն սպառէր ու թաղէր

ոչ թէ հոմանուհիի սենեակին մէջ, կաթուածահար,

շուրջը շարուած ծուռ բիճերու նայուածքին տակ՝

այլ իր տան մէջ, միս մինակը

զայրանալով, հայհոյելով, հաւանաբար,

բայց չդաւաճանուած առնուազն:

Պզտիկ քայլերուն պէս անհամբեր ու անաւարտ

ինքզինքին թաթիկէն բռնած, միւս ձեռքին ալ կօշիկները

տարօրինակ համարձակութիւն մը, նորածինի մեծ գլուխով

փողոցին նահանջող մարմինը ու թաւ բառերը զայն հալածելով

կեանքը որ քաղաքացին պիպէրօնով կը ստանայ քունին մէջ

մեծ տաք ճակատագիրները որ սուտ են, բարեբաղդաբար,

սո՞ւտ են՝

 

 

 Վահէ Օշական

 Հատուած «ՔԱՂԱՔԸ» հատորէն