image
Հրատապ լուրեր:

«Պետական ահաբեկչութիւն». Լիբանանի նախագահին յայտարարութիւնները լարած են Պէյրութ-Անգարա յարաբերութիւնները

«Պետական  ահաբեկչութիւն». Լիբանանի  նախագահին   յայտարարութիւնները     լարած  են Պէյրութ-Անգարա   յարաբերութիւնները

 

«Արեւելք»ի  նախկին խմբագիր,  «Շանթ»  հեռուստաընկերութեան մեկնաբաններէն ՝  Սագօ Արեան  կը գրէ՝

Ինչպէս առաւօտուն գրած է, Լիբանան- Թուրքիա դիւանագիտական լարուածութիւնը կը շարունակուի ... 

Խնդիրն այն է, որ Լիբանանի նախագահը «Մեծն Լիբանան»ի («Տաուլաթ լուպնան ալ քապիր») յայտարարութեան 100-րդ տարեդարձին ընդառաջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ բացորոշ կերպով եւ միայն իրականութիւնները ըսելով Քրիստոնեայ նախագահը 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան վարմունքը համարած է «պետական ահաբեկչութիւն»։ Խօսքն անշուշտ անմարսելի համարուած է թուրքիոյ ԱԳՆ-ին համար, որն իր կարգին կատարած է բաւական ժպրհալից յայտարարութիւն մը, մեղադրելով Լիբանանցի նախագահը «պատմութիւնը նենգափոխելու»ն մէջ։ Երկու կողմերէն մեղադրանքներ լսելի կը դառնան, եւ լիբանանցի մէկէ աւելի քաղաքական դէպքեր իրենց սլաքները արդէն իսկ ուղղած են Էրտողանի դէմ քննադատելով անոր քաղաքական տեսակէտները, գործելաոճ եւ այն փաստը, որ ան Օսմանեան տէրութեան ժառանգորդն է։ Այս պահուն ալ վերահասու դարձայ, որ Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան ՝ Հաքքան Չաքըլ «կանչուած» է Լիբանանի ԱԳՆ, պարզաբանումներ տալու Անգարայէն հնչած անընդունելի մեղադրանքներուն մասին: 
Յ.Գ. Յիշեցնեմ, որ օրեր առաջ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն կը գտնուէր Պէյրութ, ուր (ըստ Անգարայի) ան բարձր մակարդակի քննարկումներ ունեցած էր իր Լիբանանցի գործընկերոջ, Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի փեսայ՝ Ժըպրան Պասիլին հետ։